Երէկ պէյրութահայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցած է անարգ ոճիրի զոհ գացած Խոսրով Քիւրտեանին։
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք պէյրութեան աղբիւրներէ, որ նաեւ նշեցին, որ Ուրբաթ օր անարգ ոճիրի զոհ գացած նահատակ Քիւրտեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած ու ամփոփուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզամանատուն։
Թաղման արարողութեան ներկայ եղած են ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայաուցիչ Տիար Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Տիար Մարտիկ Պօղոսեան, շրջանի կրօնական թէ աշխարհի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ հոծ թիւով սգակիր բազմութիւն մը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Քիւրտեան զոհ գացած էր անարգ ոճիրի մը, երբ շրջանին մէջ ապրող տեղացիներ հայհոյանքներ տեղացուցած էին թիրախ ունենալով ամբողջ հայութիւնը։
Նահատակ Խոսրով, որ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն է Նոր Մարաշի հայութեան համար փորձած է զսպել սադրիչները, որոնցմէ մին դաշոյնի անակնկալ հարուածներով մահացու կերպով վնասած է Խոսրով Քիւրտեանը։
Դէպքին ընթացքին արձանագրուած են երեք հայ վըրաւորներ:
Դէպքը, ինչպէս տարբեր լրատուական ծառայութիւններ փորձեցին հաղորդել կապ չունի որեւէ հակահայկական արշաւի մը հետ եւ կը կրէ նեղ թաղային բնոյթ ունի։