Թուրքիա-(«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-Պոլիս) Ըստ «Հիւրրիյէթ»ին, Թուրք կնոջ մը սգոյ արարողութիւնը, որ ծանր վիրաւորուած էր Պոլսոյ մէջ ոստիկանութեան գործողութեան մը ընթացքին եւ մահացած շաբաթ մը ետք հիւանդանոցին մէջ, տեղի ունեցաւ Սէմէվիի Սարիէր թաղամասը, Քահրամանմարաշի հարաւային նահանգին մէջ, իր յուղարկաւորութենէն ետք:
Տիլէք Տողանի թաղման արարողութիւնը, որ Հոկտ. 18-ին, ծանրօրէն վիրաւորուած էր ոստիկանութեան կողմէ Պոլսոյ Գուչուգարմուտլուի մօտ, իր տան մէջ, 18 Հոկտեմբերին, հակա-ահաբեկչական անօրէն յայտարարուած DHKPC-C կուսակցութեան գործունէութեան մը ընթացքին, տեղի ունեցած է Բիր Սուլթան Ապտալ մշակոյթի տան մօտ:
Տողան մահացաւ Պոլսոյ Օգմէյտանի հիւանդանոցին մէջ, 25Հոկտեմբերին, շաբաթ մը ուշակորոյս մնալէ ետք:
Տողանի մայրը թաղման արարողութեան ընթացքին ըսաւ, թէ ինք կրնայ յիշել իր դստեր վրայ կրակ բացած ոստիկանին տեսքը:
«Ոստիկանը ցատկեց մեր տունէն ներս եւ սպաննեց զաւակս: Ես գիտեմ անոր դէմքը: Անոնք պէտք է հոս բերեն իմ զաւակս սպաննող ոճրագործը, անոնք վախկոտներ են, ես պիտի գտնեմ մարդասպանը» ըսաւ Այսէլ Տողան արցունքներուն մէջէն:
«Տիլէք Տողանը, մեր պաշտպանեալը սպանողը AKP-ն է» Տիլէքի ընտանիքը ներկայացնող փաստաբանները գրեցին թուիթըրի վրայ, երիտասարդ կնոջ մահկանացուն կնքելէ անմիջապէս ետք 25 Հոկտեմբերին, վկայակոչելով «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը՝ AKP-ն:
«Անոնք այս մէկը կ'ընեն պաշտպանելու համար իրենց օրէնքը», ըսաւ սպանուած կնոջ եղբայրը, Էմրահ Տողան յուղարկաւորութեան ընթացքին, «Անոնք նոյնիսկ չեն յարգեր մահը, անոնք մեզմէ կը պահեն դիակը, անոնք նոյնիսկ կը փորձեն թելադրել մեզի ուր թաղել մեր մեռելը, ձեզի համար ինչ կը նշանակէ այս մէկը, մենք պէտք է հարցնենք ձեզի, ո՞ւր կատարել թաղումը, անոնք կը վախնան մեր մահէն, փոքրոգի եւ արհամարհելի են»:
Ըստ իր ընտանիքին, ոստիկանը զարկած էր Տիլէքը, բռնկուած վիճաբանութենէ ետք, երբ ան կը պահանջէր ոստիկաններէն կօշիկները հանել, փոխանակ այդ ձեւով տուն մտնելու:
«Չորս ոստիկաններ մտան մեր տուն իրենց կօշիկները հագած» ըսաւ Մեթին Տողուն, Տիլէք Տողանի հայրը դէպքէն ետք:
«Մենք ըսինք ոստիկանին, որ աղջիկս զարկաւ, կրկնակօշիկներ հագուիր, ան մերժեց, յետոյ իր զէնքը ուղղեց դէպի մեր կողմը եւ աղջիկս զառնուեցաւ», աւելցուց ան:Պոլսոյ մէջ ոստիկանութիւնը հաստատեց, թէ Տողան վիրաւորուած էր կուրծքէն, քաշքշուքի մը ընթացքին, երբ բնակիչ մը փորձեց ոստիկանին զէնքը գրաւել:Նոյն ատեն, ոստիկանութիւնը կնկան մօր ըսած էր թէ եղբայրը զարկած է իր քոյրը:Ոչ մէկ քրէական հետախուզում կատարուած է ոստիկանութիւնը տուն խուժելէ առաջ, հետաքննութիւն եղած է Տողան զառնուելուն առթիւ, բայց Տողան ընտանիքի փաստաբանները չէին տեղեկացած գործընթացի կամ թղթածրարի մէջ գտնուող փաստի մասին, պայմանաւորուած գաղտնի վճռին, որ առած է Պոլսոյ դատարանը:
Փոխվարչապետ Նուման Գուրթուլմուշ, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Տողանի ընկերներուն եւ ընտանիքին:
«Ես կ'ուղարկեմ ցաւակցութիւններս իր ընտանիքին, ընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որ զինք կը սիրէին» Գուրթուլմուշ ըսաւ լրագրողներուն 26 Հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ:«Մեծ ողբերգութիւն է, հիմա ես կը հարցնեմ թէ վարչապետը իր աջակցութիւնները պիտի տա՞յ հասարակութեան դիմաց Տողանի մօր, կամ ան բաժնեկից պիտի դառնայ անոր տխրութեան» ըսաւ Տէմիրթաշ, անկնարկելով հրապարակային ելոյթի մը, ուր Րէճէպ Թայէպ Էրտուղան հանդէս եկած էր 2014 Մարտին, երբ իր աջակցութիւնը յայտնեց Պէլքին Իլվանի ընտանիքին, 15, ամենաերիտասարդ Կէզի զոհին, որ մահացած էր 289 օր ուշակորոյս մնալէ ետք, գլուխէն արցունքաբեր կազի տակառով հարուածուելով, 2013-ի Կազի Բարքի բողոքի ցոյցին ընթացքին: Էրտողանը երիտասարդ տղան անուանած էր նաեւ «ահաբեկիչ»:
«Ամէն օր, նման դէպքեր կը պատահին երկրին մէջ, ոչ ոք անոնց քաղաքական պատասխանատուութիւնը կը հետապնդէ, բայց վերջաւորութեան բոլորը պիտի ներկայանան արդարութեան դիմաց» ըսաւ HDP ի համանախագահը: