image

Վերաբացուած է Վալանսի մէջ «Հայ մշակոյթի տուն»ը

Վերաբացուած է  Վալանսի  մէջ  «Հայ մշակոյթի տուն»ը

Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Վալանսի եւ շրջակայքի Հայ Մշակոյթի տան պաշտօնական բացումը՝ վերանորոգման եռամեայ աշխատանքներէն յետոյ։

       Հանդիսութիւնը նախագահեց Հայ մշակոյթի տան ատենապետ՝ Նազօ Ալան Ճինպաշեան, իր կողքին ունենալով վերանորոգման աշխատանքներու յանձնախումբի անդամներ՝ Ճորճ Աւետեանն ու Ճօրճ Իսասեանը։ Վերջինս իր խօսքին մէջ ներկայացուց աշխատանքներու ծրագիրը, որն իր կատարին պիտի չհասնէր առանց պետական եւ նուիրատու անձանց առատաձեռն աջակցութեան։

       Ժապաւէնը կտրուեցաւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ։ Վերանորոգուած Մշակոյթի Տան մուտքին ճերմակ քողով  ծածկուած ցուցատախտակը  բացուեցաւ Տրօմի Նահանգապետ Հիւկ Մութուհի ձեռամբ եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքի պատուական բարեւով։ Իրերայաջորդ կերպով ի յայտ եկան դասարաններու ու զանազան սրահներու ցուցատախտակները, որոնք կը կրէին Հանրի Սիրանեանի, Մարտիրոս Եազճեանի, Զաւէն Պալթայեանի եւ Գրիգոր Պապահէքեանի անունները։

       Սոյն հանդիսութեան տեսաերիզով ելոյթ ունեցան Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը եւ Օվերն -Ռոն ալփ շրջանի նախագահ Լոռան Վոգյէն։ Իրենց բացակայութեան պատճառն ալ այն էր, որ կը գտնուէին Հայաստան։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին, Արցախին ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ համայնքին։ 

       Բարեկամութեան եւ զօրակցութեան ուղերձ փոխանցեցին Վերոնիք Պուկաթ՝ առաջին տեղակալ, Ֆրանք Սուլինեաք՝ երկրորդ տեղակալ, Մարլէն Մուրիէ՝ Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի եւ Վալանս-Ռոման քաղաքակոյտի փոխնախագահուհի, ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Միրէյ Քլափօ, Ֆրանսայի ՀՀ դեսպանութեան նախարարի խորհրդական՝ Լեւոն Ամիրջանեան եւ Տրօմի նահանգապետ՝ Հիւկ Մութուհ:

       Ըստ Հայկական տնօրհնէքի աւանդութեան Հայ Մշակոյթի տունը օրհնեցին համայնքի կղերականները։

       հանդիսութեան աւարտին, ՀՄՏ Արարատ ճաշարանին մէջ կայացաւ ճոխ ընդունելութիւն մը։

       Այսպէս, Վալասնի հայ մշակոյթի տան պատմութեան գրքին մէջ բացուեցաւ նոր ու սպիտակ էջ։ Կը մնայ մաղթել բեղուն գործունէութիւն ու կանաչ ճանապարհ դէպի վսեմ նպատակի իրագործման, դէպի հայկական մշակոյթի պահպանման եւ ո՛չ միայն …

 

                                                                 Մարինա Կէօզիւ Քիւչիւկեան