image

Վարակուածներէն 36-ի մօտ առկայ է թոքաբորբ. երկուքի վիճակը ծայրայեղ ծանր է

Վարակուածներէն 36-ի մօտ առկայ է թոքաբորբ. երկուքի վիճակը ծայրայեղ ծանր է

Այս պահի դրութեամբ ունինք 36 թոքաբորբով հիւանդ։ Անոնցմէ 2-ի վիճակը բժիշկները կը գնահատեն ծայրայեղ ծանր։ Անոնք միացուած են արհեստական շնչառութեան սարքին եւ ունին ուղեկցող այլ հիւանդութիւններ։ Եւս մէկ հիւանդի վիճակը կը գնահատուի ծանր։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։

«Նշեմ նաեւ, որ եւս 14 հոգի վաղը դուրս կու գան մեկուսացումէն, քանի որ անոնց քննութիւններու պատասխանը բացասական է»,- գրած է Արսէն Թորոսեանը։