Օրերս նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկեան Աթոռի Գանատայի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի Վանքուվըր քաղաքի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Վարդան ծ.վրդ. Թաշճեան մատուցած է անդրանիկ Սուրբ Պատարագը։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Կիրակի 9, Մարտ 2025ին, Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյս նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ, Գերապատիւ Տէր Վարդան Ծրգ. Վարդապետ Թաշճեանը։ Պատարագին կը նախագահէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը խօսք առնելով, ներկայացուց նորանշանակ հոգեւոր տեսուչը եւ խրատեց զինք հովելու մեր ժողովուրդի զաւակները, յարատեւ սիրոյ ու անձնուրաց նուիրումով։ Ապա հոգեւոր տեսուչը խօսք առնելով նախ խորազգաց շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին իր հայրական օրհնութեան համար։ Ապա սիրոյ ջերմ շնորհակալութիւններով յիշեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը որպէս բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի տարածքին ծառայող հովիւներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին։ Հայր Վարդանը յուսադրական եւ քաջալերիչ խօսքերով հրաւիրեց եկեղեցւոյ մեր զաւակները, սիրտ ի սիրտ միասնական ոգիով ծառայելու եւ եկեղեցւոյ Քրիստոսակեդրոն առաքելութեան խորհուրդը տանելու մեր ժողովուրդին։