Իտալիա- Վաղը Հռոմի մէջ սկիզբ կ'առնեն Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդի ժողովները: Նշենք, որ այս Սիւնոդական նիստերը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ըլլան Հայ Կաթողիկէ նորընտրիր Գրիգոր- Պետրոս Ի Կաթողիկոս- Պատրիարքի նախագահութեամբ: Սոյն տեղեկութիւնը ստացած ենք «Արեւելք»ի Հռոմի աղբիւրներէն: Կը նախատեսուի, որ նախքան Սիւնոդական նիստերու սկսիլը միաբան հայրերը առաջնորդութեամբ՝ Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Պատրիարքին այցելեն Վատիկան ու հանդիպին Հռոմի Ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանայապետին հետ: Սիւնոդական նիստերը տեղի պիտի ունենան Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի դահլիճէն ներս եւ նիստերու ընթացքին պիտի քննարկուին Հայ Կաթողիկէ համայնքին ինչպէս նաեւ տարբեր առաջնորդութիւններու հետ կապուած խնդիրներ: «Արեւելք» կը խոստանայ մօտէն հետեւելի սոյն ժողովներուն եւ մամուլին համար թոյլատրելի տեղեկութիւններ ներկայացնել իր ընթերցողներուն: