Աշխատանքային այցով Տուշանպէ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին:
Իրանի նախագահը ողջունելով վարչապետ Փաշինեանը` յոյս յայտնած է վերջինիս պաշտօնավարման ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր դրական քայլեր իրականացնել:
Իր հերթին, Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Մեր երկու կառավարութիւններու գործունէութիւնը մեկնարկած է միաժամանակ, կը կարծեմ այդ շատ լաւ նրբերանգ է, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ներդաշնակեցնելու մեր գործողութիւնները»: Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին մէջ յատուկ ընդգծուած է տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ վարչապետը կարեւորած է Իրանի նախագահին յայտարարութիւնը, ըստ որուն` Իրանի համար եւս կարեւոր է հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանեան բազմակողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, երկու երկիրներու միջեւ բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպման, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: