ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Տիգրան Խաչատրեանն ազատուած է ելեւմուտի նախարարի պաշտօնէն:
Մէկ այլ հրամանագրով ան նաշանակուած է ՀՀ փոխվարչապետ:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Տիգրան Խաչատրեանին նշանակել փոխվարչապետ»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ:
Տիգրան Խաչատրեանը պիտի փոխարինէ մէկ շաբաթ առաջ պաշտօնէն ազատուած, ՔՊ-ական Համբարձում Մաթեւոսեանին, որ այդ պաշտօնը զբաղեցուց ընդամէնը մէկ տարի: