image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աւելի վատ վիճակի մէջ է, քան կը սպասուէր. Bloomberg

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աւելի վատ վիճակի մէջ է, քան կը սպասուէր. Bloomberg

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աւելի վատ վիճակի մէջ է, քան կը կանխատեսուէր, քանի որ այն շատ դանդաղ ընթացքով առաջ գացած է՝ 2020-ի համավարակի ամենաթէժ պահէն ի վեր. այս փաստը կրնայ անհանգստացնել նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ եկող տարուան ընտրութիւններէն առաջ, գրած է Bloomberg-ը։

Վերջին տուեալները ցոյց տուած են, որ երրորդ եռամսեակին ՀՆԱ-ն (համախառն ներքին արդիւնք) տարեկան աւելցած է 3,9 տոկոսով, որ լաւագոյն արդիւնքներէն մէկն է «Մեծ քսանեակին», բայց զգալիօրէն ցած է Bloomberg-ի հարցման մասնակցած վերլուծաբաններու մեծ մասի կանխատեսումներէն։ Սա նաեւ կտրուկ դանդաղում է՝ նախորդ երեք ամիսներու համեմատ, երբ ՀՆԱ-ն աւելցած էր 7,7 տոկոսով։

Օգոստոսին կեդրոնական դրամատունը վերաֆինանսաւորման տոկոսադրոյքը ցնցող վերականգնման ենթարկեց, եւ ոչ ուղղափառ մօտեցումը խթանեց գնաճը, որ անդրադարձաւ տնտեսութեան վրայ։ ՀՆԱ-ն երրորդ եռամսեակին կրճատուած է 0,1 տոկոսով՝ նախորդ երեք ամիսներու համեմատ։

Էրտողան, որ պէտք է վերընտրուի եկող տարի, կը պաշտպանէ այն տնտեսական մոտելը, ուր առաջնահերթութիւնը կը տրուի արտահանման, արտադրութեան եւ զբաղուածութեան՝ ի վնաս գնային կայունութեան եւ արժոյթի։ Նախագահը ճնշում գործադրած է կեդրոնական դրամատան վրայ, որ վերջինս իջեցնէ տոկոսադրոյքը մինչեւ միանիշ թիւեր, եւ այդպիսով տոկոսադրոյքը հասցուած է 9 տոկոսի։

Թուիթըրի մեկնաբանութիւններուն մէջ ֆինանսներու նախարար Նուրետտին Նեպաթին ըսած է, որ Թուրքիոյ մօտեցումը պիտի փոխհատուցուի, եւ խոստացած է, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ «զբաղուածութեան ուղղուած իր քաղաքականութեան»։

Բայց տոկոսադրոյքի չորս յաջորդական իջեցումները 800 միլիառ տոլարի շրջանառութիւն ունեցող տնտեսութեան յատուկ խթան չեն հաղորդած։ Ընկերութիւնները եւ սպառողները կը զգան գնաճի կործանարար ազդեցութիւնը յետհամավարակային վերելքէն ետք, երբ Թուրքիոյ տնտեսական աճը գերազանցած էր 6 տոկոսը երկու տարուան ընթացքին։

«Անգամ աճի դանդաղման պարագային գնաճը լուրջ խնդիր կը մնայ տնտեսութեան համար։ Կեդրոնական դրամատան թոյլ դիրքը դրամավարկային քաղաքականութեան մէջ կ'անդրադառնայ արժոյթի եւ գնաճի վրայ։ Մենք կը տեսնենք, որ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը 2023-ի ընտրութիւններու նախաշեմին կը խթանէ պահանջարկը եւ գիներու աճը»,- նշած է տնտեսագէտ Սելվա Պահար Պազիքին։

Լիրայի անկումը գիներու տարեկան աճի պատճառներէն մէկն է, որ կը մօտենայ 86 տոկոս մակարդակի։ Թրքական արժոյթը, որու անկումը տոլարի նկատմամբ կազմած է մօտ 10 տոկոս երրորդ եռամսեակին, գրեթէ չէ փոխուած տուեալներու հրապարակումէն ետք։

Կառավարութիւնը, հաւանաբար, պիտի դիտարկէ տնտեսութեան աշխուժացման տարբեր միջոցներ ընտրութիւններուն ընդառաջ, որոնք տեղի պիտի ունենան յունիսին։ Նուազագոյն աշխատավարձի երկար սպասուած բարձրացումը, որու մասին, ինչպէս կ'ակնկալուի, պիտի յայտարարուի դեկտեմբերին, տնային տնտեսութիւններուն կրնայ գնաճի դէմ լրացուցիչ «շունչ հաղորդել»։