image

Թուրքիոյ նախագահը ներկայ եղաւ Զանգելանի օդակայանի բացման

Թուրքիոյ  նախագահը ներկայ եղաւ Զանգելանի օդակայանի բացման

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ժամանած է Զանգիլան, ուր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի ընկերակցութեամբ մասնակցած է նորակառոյց միջազգային օդակայանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Էրտողան յոյս յայտնած է, որ «այս նոր օդակայանը պիտի ծառայէ Ատրպէյճանի եւ աշխարհի բարգաւաճման»:

Էրտողանին այս այցի ընթացքին կ'ուղեկցին խորհրդարանի փոխնախագահ Ճելալ Այտինը, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը, գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Վահիտ Քիրիշչին, փոխադրամիջոցի եւ ենթակառուցուածքի նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլուն, «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Պինալի Եըլտըրըմը, կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Օմեր Չելիքը եւ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:

Այդ օդակայանը կառուցուած է 18 ամսուան ընթացքին: Անցեալ տարի Էրտողան նման այց կատարած է եւ մասնակցած է Ֆիզուլիի օդակայանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Զանգիլանի միջազգային օդակայանը երկրորդն է, որ Ատրպէյճանի մէջ կառուցած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տարածքները հսկողութեան տակ վերցնելէ ետք: