image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ զոհերուն թիւը հասած է 284-ի.Երկիրի ծանր վիճակի մէջ է

 Թուրքիոյ մէջ  զոհերուն թիւը հասած է  284-ի.Երկիրի ծանր  վիճակի մէջ է

Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Քահրամանմարաշ նահանգի Պազարջիք շրջանին մէջ 6 փետրուարի առաւօտեան ժամը 06:30-ին 7,4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով երկրի եօթ նահանգի մէջ զոհուած է 284 մարդ, 2323-ը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը: 

Թուրքիան յայտարարած է վտանգի ամենաբարձր մակարդակը. իշխանութիւնները դիմած են միջազգային օգնութիւն ստանալու համար։

Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ աւերածութիւններ տեղի ունեցած են։ Թուրքիոյ իշխանութիւններու հաղորդմամբ՝ երկրաշարժին յաջորդած է 22 յետցնցում, որոնցմէ վերջինի ուժգնութիւնը կազմած է աւելի քան 6 աստիճան։ Յետցնցումներէն ամենահզօրի ուժգնութիւնը կազմած է 6,6 աստիճան:

Նշենք, որ ուժգին երկրաշարժ տեղի ունեցած է նաեւ Սուրիոյ մէջ, որու առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդած տուեալներու համաձայն՝ զոհերու թիւը հասած է առնուազն 100-ի: