image

Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական գործօնները. Գրեց ՝ Գէորգ Հալէպլեան

 Թուրքիոյ  աշխարհաքաղաքական գործօնները. Գրեց ՝ Գէորգ Հալէպլեան

Թուրքիա մերժուելով Եւրո-միութեան անդամակցութենէն, որպէս մարդու իրաւունքներ խախտած եւ այլախոհներ բանտարկող երկիր, կարծէք հրաժարած է հետապնդելէ այդ Միութեան անդամութիւնը, Թուրքիա բազմիցս փորձած է մտնել ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհրդի կազմին մէջ, ինչպէս նաեւ փորձած է անդամակցիլ ԵԱՀԿ-ի համանախագահութեան, բայց մերժուած է: Սակայն ան նաեւ նախաձեռնողն է հակամարտութիւններու լուծման ձեւաչափեր եւ հարթակներ ստեղծելու, ինչպէս որ վերջերս իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած էր 3+3-ի ձեւաչափը որ խորքին մէջ հակահայկական է: Ան իր ճկուն քաղաքականութեամբ միշտ փորձած է իր շահը հետապնդել օգտուելով Ռուսաստան-Արեւմուտք առկայ լարուածութենէն: Թուրքիա օգտագործելով իր աշխարհագրական բարենպաստ դիրքը, գաղափարա-կրօնական գործօնը, ՆԱԹՕ-ի իր անդամակցութիւնը, Ռուսաստանի հետ իր բարեկամութիւնը, կը հետապնդէ իր աշխարհաքաղաքական հեղինակութեան եւ դերակատարութեան բարձրացման:

 

 

 

 

Անհերքելի երեւոյթ է այն իրողութիւնը որ Թուրքիա անշեղօրէն լծուած է իր աշխարհաքաղաքական արժէքը եւ կշիռը մեծցնելու քաղաքականութիւնը, կանգ չառնելով որեւէ խոչընդոտի դիմաց, բոլոր առիթները եւ հարթակները օգտագործելով ` հասնիլ իր նէօ-օսմանական կամ թուրանական նպատակներուն:

Թուրքիա հմտօրէն եւ ճկուն դիւանագիտութեամբ թափանցած է աշխարհաքաղաքական տարբեր հակամարտութիւններու մէջ մերթ ուղղակի եւ մերթ անուղղակի մասնակցութեան տեսքով: Ուղղակի` ռազմական կամ դիւանագիտական մասնակցութեան իմաստով Թուրքիա անտարբեր չմնաց Սուրիոյ, Լիպիայի, Իրաքի, Արցախի, Ղազախստանի եւ նաեւ հնարաւոր արեւելեան Միջերկրականի մէջ տիրող անորոշ սակայն պայթուցիկ իրավիճակներուն նկատմամբ: 

Սովետական Միութեան փլուզման հետեւանքով առաջացած ՙթոյլ՚ Ռուսաստանի եւ կեդրոնական Ասիայի թրքական ցեղերու միացման ու իր դարաւոր երազանքը իրականացնելու նպատակով, Թուրքիա 90-աններու սկիզբը փորձեց իր քաղաքական եւ գաղափարական կշիռը պարտադրել կեդրոնական Ասիայի երկիրներուն: Բնականաբար հոս Թուրքիա սխալած էր, Ռուսաստան վիրաւոր էր բայց ոչ ՙմահացած՚: Թուրքիա անտեսեց այն պատմական փաստերը որոնք կեդրոնական Ասիայի երկիրներուն մէջ կան մեծաթիւ ռուս բնակիչներ, եւ որ այդ երկիրները լռիւ խզուած չէին ռուսական կրթական, մշակութային, ռազմական, տնտեսական, արդիւնաբերական եւ քաղաքական ազդեցութիւններէն, որոնք 70 տարիներու պատմութիւն ունէին: Ղազախստանի վերջին դէպքերը եկան ապացուցելու որ Թուրքիոյ փորձերը կեդրոնական Ասիա թափանցելու, դատապարտուած էին ձախողութեան: Իսկ այդ երկիրներուն ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդեց Ռուսաստանի ազդեցութիւնը:

Միջին Արեւելքի պարագային պատկերը տարբեր էր: Թուրքիա Հալէպի նահանգը իր պատմական տարածքը համարելով եւ պատճառաբանելով որ իր հարաւային սահմանները վտանգուած են յեղափոխականներու ներթափանցումներով եւ սահմանի անկայունութեամբ, եւ օգտուելով Ռուսաստանի թոյլ կեցուածքէն, նաեւ ծայրայեղ կրօնական խաւի բողոքներէն որոնք ուղղուած էին Սուրիոյ գործող իշխանութիւններու դէմ, առանց միջազգային հանրութեան հաւանութիւնը ստանալու ներխուժեց Սուրիա: Անշուշտ եւ բնականաբար Թուրքիա արեւմոււտքի հետ իր սերտ յարաբերութիւնները եւ ՆԱԹՕ-ի անդամի իր հանգամանքը հմտօրէն օգտագործեց իր սեփական նպատակները իրականացնելու համար: Այստեղ արեւմուտքը նոյնպէս շահաքրքրուած էր Թուրքիոյ ներխուժումով, իբ րթէ Ասատի բռնատիրական վարչաձեւին վերջ դնելու եւ ՙպայքարելու՚ իսլամ ծայրայեղականներու դէմ: Արեւմուտքի նպատակն էր նաե՛ւ Ռուսաստանի ազդեցութեան թուլացումը տարածքաշրջանին մէջ, որովհետեւ ըստ Արեւմուտքի Միջին Արեւելքը աւանդականօրէն կը մտնէր Անգլիա-Ֆրանսական կամ արեւմտեան ազդեցութեան գօտիին մէջ: Վերջերս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած էր ՙյատուկ ռազմական գործողութիւն՚ իրականացնել Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, խորանալով 30 քիլոմեթր Սուրիոյ ինքնիշխան տարածքներու մէջ իբր թէ ՙապահովութեան գօտի՚ ստեղծելու նպատակով: Այս ներխուժումը յետաձգուած է, ըստ երեւոյթին Լաւրով-Չաւուշօղլու հանդիպումէն ետք:

 

Թրքական նէօ-օսմանիզմի նպատակներու դրսեւորումներէն էր նաեւ իր ռազմական եւ քաղաքական ներկայութիւնը Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ: Իրաքի մէջ, նոյն պատճառաբանութեամբ ` չեզոքացնելու Իրաքի քիւրտերու խափանարարական՚ գործողութիւնները Թուրքիոյ դէմ, ան յաճախակի թիրախը դարձուցած է իր օդային եւ ցամաքային ռմբակոծումները ու Իրաքի ինքնիշխան հիւսիսային տարածքները: Թուրքիա ունի նաեւ տնտեսական նպատակներ Իրաքի մէջ, ինչպէս յայտնի է, հիւսիսային Իրաք հարուստ է քարիւղի իր մեծածաւալ պահեստներուն: Ուստի Թուրքիոյ նպատակներէն է տիրանալ նաեւ այդ պաշարներով: Թուրքիա նպատակադրուած կերպով կþուզէ իրականացնել իր երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան սահմանները կամ առնուազն իր քաղաքական-կրօնական ազդեցութիւնը պարտադրել Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներուն մէջ, այդ շարժումին ընդդիմացած են կարգ մը երկիրներ ինչպիսիք են Եգիպտոսը եւ Սէուտական Արաբիան: 

Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական նկրտումներէն անմասն չմնաց նաեւ Հարաւային Կովկասը: 1991-ին երբ Ատրպէյճան անկախացաւ, Թուրքիա անմիջապէս յայտարարեց ՙմէկ ժողովուրդ երկու պետութիւն՚ քաղաքական նշանաբանը, ձեւաւորելով ռազմա-քաղաքական եւ ռազմավարական կարեւոր դաշնակցային յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի հետ, այդ գործողութիւնը ակնյայտ դրսեւորուեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին, ցաւոտ պարտութիւն պատճառելով Հայաստանին, մարդկային եւ տարածքային կորուստներով:

 

Ինչպէս կþերեւի, Թուրքիոյ շահերը տարբեր աշխարհամասերուն մէջ տարբեր դրսեւորումներ կը ներկայացնեն: Կեդրոնական Ասիոյ մէջ շահերու բախում կարելի է նկատել իր եւ ռուսական շահերու միջեւ, իսկ նոյնը չէ պարագան Մջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջաններուն մէջ , որտեղ կայ ոչ թէ ռուս-թուրքական առճակատում կամ շահերու բախում, այլ ` համագործակցութիւն: Այս իմաստով ակներեւ է Սուրիոյ պարագային Ռուսաստանի Թուրքիոյ հանդէպ ոչ յստակ եւ ՙըմբռնումով՚ կեցուածքը:

Այսպիսի համագործակցութեան շնորհիւ է որ դժբախտաբար Ատրպէյճան հաւանութիւն ստացաւ Ռուսաստանէն ` ներխուժելու Արցախ իր տարածքները ՙազատագրելու՚ համար: Այդ համագործակցութեան կարեւոր երեւոյթներէն էր նաեւ Աղտամի մէջ ռուս-թուրքական միացեալ դիտորդական առաքելութեան կեդրոնի տեղակայումը: Այսպիսով Ռուսաստանի հաւանութեամբ եւ մեղսակցութեամբ Թուրքիոյ վերադարձը Հարաւային Կովկաս իրականացած էր, երբ 1918-ի Մուտրոսի պայմանագիրով թուրքերը հեռացած էին Անդրկովկասէն: Ըստ երեւոյթին, ռուս-թուրքական մէկդարեայ վաղեմութեան 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի մէջ կայացած եղբայրական ոգին դեռ կանգուն է:

 

Վերջերս Թուրքիան իր աշխարհաքաղաքական կշիռն ու հեղինակութիւնը կը փորձէ նաեւ տարածել դեպի արեւելեան Եւրոպա: Արդարեւ, օգտուելով ռուս-ուքրանիական պատերազմէն, ան ինքնակոչ միջնորդի եւ ՙխաղաղասէրի՚ դեր ստանձնած է Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ, որ ըստ երեւոյթին արեւմուտքի հաւանութեան չէ արժանացած: Թուրքիա ՙխաղաղասէրի՚ եւ ՙմարդասիրական՚ առաքելութեան պատմուճան հագած, նաեւ իր ՙդրական արձագանգներով՚ կը խաբէ Հայաստանը, հայ-թուրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման պիտակին տակ: Հակառակ որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է Թուրքիա կը փորձէ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վառել եւ ինքզինք անկաշկանդ կը նկատէ, արեւմուտքի հակառուսական պատժամիջոցները շրջանցելով, կը փորձէ Ռուսաստանի ծանր տնտեսական վիճակը թեթեւցնել: Այս իմաստով պատահական չէ, Ռուսաստանի համաշխարհային մեկուսացման պայմաններուն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետապնդած «Զանգեզուրի միջանցքը» բացի արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը ըլլալէ, այդ միջանցքը կապ է նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսաստան ցամաքային հաղորդակցութեան, այսպիսով Թուրքիոյ միջոցով առեւտրա-տնտեսական շրջանառութիւն ստեղծել Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ, շրջանցելով պատժամիջոցները:

Թուրքիոյ միջազգային հեղինակութեան ռազմական դրսեւորումն են նաեւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր ոտնձգութիւնները: Թուրքիա յաւակնութիւններ ունի Յունաստանի Էգէական կղզիներու նկատմամբ, Էրտողանի վերջին սպառնալից յայտարարութիւնները Յունաստանի դէմ, կը խօսին հաւանական պատերազմի մը անխուսափելիութեան մասին, անյարմար վիճակի մը մատնելով ՆԱԹՕ-ն:

 

Թուրքիա մերժուելով Եւրո-միութեան անդամակցութենէն, որպէս մարդու իրաւունքներ խախտած եւ այլախոհներ բանտարկող երկիր, կարծէք հրաժարած է հետապնդելէ այդ Միութեան անդամութիւնը, Թուրքիա բազմիցս փորձած է մտնել ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհրդի կազմին մէջ, ինչպէս նաեւ փորձած է անդամակցիլ ԵԱՀԿ-ի համանախագահութեան, բայց մերժուած է: Սակայն ան նաեւ նախաձեռնողն է հակամարտութիւններու լուծման ձեւաչափեր եւ հարթակներ ստեղծելու, ինչպէս որ վերջերս իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած էր 3+3-ի ձեւաչափը որ խորքին մէջ հակահայկական է: Ան իր ճկուն քաղաքականութեամբ միշտ փորձած է իր շահը հետապնդել օգտուելով Ռուսաստան-Արեւմուտք առկայ լարուածութենէն: Թուրքիա օգտագործելով իր աշխարհագրական բարենպաստ դիրքը, գաղափարա-կրօնական գործօնը, ՆԱԹՕ-ի իր անդամակցութիւնը, Ռուսաստանի հետ իր բարեկամութիւնը, կը հետապնդէ իր աշխարհաքաղաքական հեղինակութեան եւ դերակատարութեան բարձրացման:

 

Գէորգ  Հալէպլեան 

Լոս Անճելըս