Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են 9 երկիրներու դեսպաններ, այդ շարքին այն երկիրներէն, որոնք ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքի պատճառով դադրեցուցած են իրենց հիւպատոսութիւններու աշխատանքը, հաղորդած է TRT Haber-ը:
Թուրքիոյ անվտանգութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախազգուշացումէն ետք որոշ արտասահմանեան առաքելութիւններ փակած են իրենց հիւպատոսութիւնները։
Թրքական լրատուամիջոցներու՝ դիւանագիտական աղբիւրներէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ հիւպատոսութիւնները փակած երկիրներու դեսպանութիւններու ներկայացուցիչները կանչուած են Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Կը սպասուի, որ հանդիպման հնչէ թրքական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան արձագանգը։