image

Թուրքիան արգիլած է գերմանական պատուիրակութեան մուտք գործել «Ինճիրլիք» ռազմակայան

Թուրքիան արգիլած է գերմանական պատուիրակութեան մուտք գործել «Ինճիրլիք» ռազմակայան

Թրքական իշխանութիւնները Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան  խորհրդականին եւ անոր հետ  մեկնող պատգամաւորներու պատուիրակութեան չեն թոյլատրած մուտք գործել Ատանա քաղաքի մէջ տեղակայուած «Ինճիրլիք» ռազմակայան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Sabah»ը, նշելով, որ պատուիրակութեան այցի օրակարգը չհաստատելու եւ թոյլտուութիւն չտալու պատճառը Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագծի ընդունումն է:

«Այս որոշմամբ պաշտօնական Անգարան ցոյց կու տայ, որ գերմանացի քաղաքական գործիչներու այցը «Ինճիրլիք» անցանկանալի է»,- կը գրէ «Sabah»-ը:

Գերմանացի զօրավար Տիեթըր Վարնեքէն Գերմանիոյ պաշտպանութեան յանձնաժողովի նիստին նոյնպէս նշած է, որ այցի չեղարկման հիմնական պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի ընդունումն է Գերմանիոյ կողմէ:

«Bild» թերթը իր հերթին նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն  յղած է Անգարայի մէջ գտնուող գերմանական դեսպանատան, ուր  նշած է, որ ռազմակայան կարնան այցելել գերմանացի զինուորներն ու թեխնիքական անձակազմը, իսկ Գերմանիոյ պաշտօնատար անձինք, պատուիրակութեան կազմի մէջ գտնուող պատգամաւորները այդ իրաւունքը չունին: 

Յիշեցնենք, որ նախապէս գերմանացի լրագրողներուն նոյնպէս չէին թոյլատրած մտնել Ինճիրլիքի ռազմակայն: