Թուրքիան արագ ընթացքով կ'աշխատի երկիրը միջազգային «կազային հանգոյց»ի վերածելու ուղղութեամբ, յայտնած է Anadolu գործակալութիւնը։
«Թուրքիան արագ ընթացքով կ'իրականացնէ ենթակառուցուածքային աշխատանքները, որոնք անհրաժեշտ են երկիրը միջազգային կազային հանգոյցի վերածելու համար», - նշած է գործակալութիւնը։
Ի հաստատումն այս յայտարարութեան՝ կը հաղորդուի, որ թրքական երրորդ կազաւորման կայանքը մտած է Միջերկրական ծով։
Գործակալութիւնը պարզաբանած է նաեւ, որ նաւը նախատեսուած է 180 հազար խորանարտ մեթր հեղուկացուած բնական կազ պահեստաւորելու համար եւ կրնայ օրական մատակարարել 28 միլիոն խորանարտ մեթր կազ։