image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս-թրքական «Կազային հանգոյց»ի վերաբերեալ բանակցութիւնները՝ շուտով

Ռուս-թրքական «Կազային հանգոյց»ի վերաբերեալ  բանակցութիւնները՝ շուտով

Թրքական եւ ռուսական պատուիրակութիւններու միջեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի առաջարկած կազային հանգոյցի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին յաջորդ շաբաթ։ Բանակցութիւններու կայացման վայրը պիտի որոշուի մօտ օրերս։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրը։

«Ինչպէս արդէն գիտէք, երկու երկիրներու ղեկավարները համապատասխան գերատեսչութիւններուն յանձնարարած են շատ արագ սկսիլ քննարկումները եւ ուսումնասիրել այս գաղափարի հնարաւորութիւնները։ Արդէն յաջորդ շաբաթ մենք պիտի սկսինք բանակցութիւնները, տեղը պիտի որոշուի մօտ օրերս»,-ըսած է աղբիւրը։

Անոր խօսքով՝ բանակցութիւններէն բխած մանրամասն զեկոյց պիտի ներկայացուի երկու երկիրներու ղեկավարներուն, որոնք անձամբ պիտի վերահսկեն գործընթացը։ «Այդ կապակցութեամբ կ'ակնկալուի առաջնորդներու հեռախօսային դիւանագիտութեան շարունակութիւնը»,-մանրամասնած է աղբիւրը։

Աւելի վաղ Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա կրնայ «Հիւսիսային հոսք»-էն կազի տարանցումը տեղափոխել Սեւծովեան տարածաշրջան եւ Թուրքիա։ Փութին այդ գաղափարը քննարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։