image

Թուրքիա. Զոհերու թիւը անցաւ 12.000-ը

Թուրքիա. Զոհերու թիւը անցաւ 12.000-ը

Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է 12391-ի, յայտնած է տեղական Anadolu գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը (AFAD):

«Հիւրիյէթ» թերթը, վկայակոչելով նոյն գերատեսչութիւնը, նշած է, որ զոհերու թիւը հասած է գրեթէ 63 հազարի։

Յիշեցնենք, որ 6 փետրուարի վաղ առաւօտեան 7,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ։ Ինչպէս նշած է Էրտողան, այն դարձած է ամենզօրաւորը 1939 թուականէն ի վեր։ Անոր յաջորդած են երեք տասնեակ յետցնցումներ, իսկ օրուան կիսուն՝ 7,6 ուժգնութեամբ եւս մէկ երկրաշարժ։ Թուրքիոյ մէջ ցնցումները կը շարունակուին արդէն երեք օր։

Երկրին մէջ 7-օրեայ համազգային սուգ յայտարարուած է, իսկ աղէտէն տուժած տասը նահանգներու մէջ երեք ամսով արտակարգ դրութիւն մտցուած է։

Երկրաշարժէն տուժած է նաեւ Սուրիոյ՝ Հալէպ, Լաթաքիա, Համա եւ Թարթուս նահանգները։ Տեղի առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներու համաձայն՝ աւելի քան 1200 մարդ մահացած է, աւելի քան երկու հազարը՝ վիրաւորուած։