image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա մերժած է Կիպրոսի օգնութիւնը

Թուրքիա մերժած է Կիպրոսի օգնութիւնը

Թուրքիան մերժած է աւերիչ երկրաշարժէն ետք ընդունիլ Կիպրոսի առաջարկած օգնութիւնը։ Այս մասին ըսուած է Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Ի սկզբանէ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը Քաղաքացիական պաշտպանութեան եւրոպական մեքանիզմի միջոցով տրամադրած է փրկարարական խումբ՝ օգնելու համար: Այս առաջարկը մերժուած է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանած է նաեւ, որ իրենք կապ հաստատած են աղէտի գօտիի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներու հետ եւ պարզած, որ անոնք բոլորը ապահով վայրերու մէջ են։