image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք Երգիչը Մահափորձի Ենթարկուեցաւ Պոլսոյ Մէջ

Թուրք  Երգիչը  Մահափորձի Ենթարկուեցաւ  Պոլսոյ Մէջ

 Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Թուրք փոփ երգիչ մը փրկուած է վիրաւորուելէ, երբ իր ինքնաշարժին վրայ կրակ  բացուած է  Պոլսոյ մէջ: Պէրգայ Շահին,  որ համեմատաբար նոր աստղ  կը համարուի թրքական երաժշտական շրջանակներուն մէջ,  Պէշիկթաշ  թաղամասին մէջ մահափորձէ փրկուած է, երբ երկու անհատներ կրակ  բացած  են   անոր ինքնաշարժին   ուղղութեամբ: Երգիչը՝ «Ոսկի թիթեռնիկ»  հեռատեսիլային մրցանակի  արժանացած է 2011-ին լաւագոյն արուեստագէտի  կոչում  ստանալով: Ըստ ոստիկանութեան` 34-ամեայ կատարողը ըսած է, որ ինք չի գիտեր թէ, ով կրնայ ըլլալ յարձակողը: Աւելի ետք, դատական պաշտօնեաները դէպքի վայր եկած են քննելու ինքնաշարժն ու պատահարը:  Բացուած է հետաքննութիւն: