image

Թորոնթոյի մէջ. Դուին Ղազարեան ընդ Աբիկ Պաղտասարեան ամուսնացեալք (Լուսանկար)

 Թորոնթոյի մէջ. Դուին Ղազարեան ընդ Աբիկ Պաղտասարեան ամուսնացեալք (Լուսանկար)

Ուրախալի լուր մը ստացած ենք Գանատայէն։

Օրերս Սուրբ Պսակի Խորհուրդին արժանացած են գանատահայ երիտասարդներ՝ Դուին Ղազարեան եւ Աբիկ Պաղտասարեան։

Ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ եղած Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ՝ կնքահայրութեամբ Յարութ Ժամկոչեանի եւ Գառնի Ղազարեանի։

Նշենք նաեւ, որ երիտասարդ ամոլը բարձր ուսման տիրացած սերունդի անդամներէն են. Դուին մասնագիտութեամբ հաշուապահ է, իսկ Աբիկ IT (Տեղեկատւութեան արհեստագիտութիւն) ոլորտի մասնագէտ։

Ուշագրաւ է, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու,  գանատածին երիտասարդները վճռած են իրենց կեանքը շարունակել հայկական միջավայրին մէջ եւ յար եւ նման իրենց սիրելի ծնողներուն՝ կազմել հայկական ոգիով  շնչող ընտանեական օճախ մը։

 

Մեր բարեմաղթութիւնները կը կցենք՝ մաղթելով ամենալաւն ու բարին երիտասարդ զոյգին ու անոնց բոլոր հարազատներուն։

 

 

 

 

 

 

Լուրը՝ «Արեւելք»ի