image

Թորոնթօ. Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը յղեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Թորոնթօ. Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը յղեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Գանատայի Թեմին իր տուած հովուապետական այցելութեան շրջածիրէն ներս,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, օրերս,  այցելած է Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք  իր հայրապետական պատգամը հաղորդած է թորոնթոհայութեան։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է նաեւ աջահամբոյր:

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

«ՀԱՐԿ Է ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼ»

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր մեծ թիւով հաւատացեալներ կը սպասէին իրենց հոգեւոր պետին ժամանումը: «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ետք, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի: Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, նախ յայտնելով իր որդիական երախտագիտութիւնն ու հոգեկան խանդավառութիւնը Նորին Սրբութեան Գանատայի թեմին շնորհած այցելութեան առիթով: Ապա, սրբազան հայրը ըսաւ. «Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Գանատա ուրախութիւն է մեզի համար, մինչ իր գահակալութեան 30-ամեակի նշումը՝ հպարտութիւն եւ տօն: Մենք, որպէս մեծ ու մէկ ընտանիք, հաւատքի վերանորոգումի բացառիկ առիթի մը դիմաց կը գտնուինք: Այսօր այստեղ եկած ենք լսելու Հայրապետին ուղենիշ պատգամը, ինչ որ նոր ուղղութիւն ու նոր հորիզոն պիտի բանայ մեզի՝ հոգեւորականներուս ծառայական եւ բոլորիս համայնքային կեանքին մէջ»:

Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամին սկիզբը ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը, գաղութին մէջ ծառայող հոգեւոր դասը, ազգային վարչութիւնն ու յարակից մարմինները, որոնք զանազան պատասխանատուութիւններով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու համայնքի կենսունակութեան եւ զարգացման նպաստող աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ողջունեց մեր ազգի սիրելի զաւակները՝ յիշեցնելով, թէ եկեղեցին հաւատքի համայնք է եւ մենք բոլորս այդ համայնքի անդամներն ենք. հետեւաբար, անհրաժեշտ է մասնակից դառնալ հաւատքի համայնքի կեանքին ու առաքելութեան:

Շարունակելով իր խօսմը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «ինծի համար յատուկ հոգեկան ուրախութիւն է ըլլալ դարձեալ Թորոնթոյի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն հետ՝ Աստուծոյ տան մէջ: Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ այս տան հարազատ զաւակները ըլլալու, այս տան արժէքներով մեր կեանքը իմաստաւորելու, մեր կեանքի ճամբան լուսաւորելու, մեր կեանքը երկնային ճշմարտութիւններով ու արժէքներով իմաստաւորելու: Ա՛յս է պատգամը Աստուծոյ այս տան. ա՛յս է պայմանը այս տան հաւատարիմ անդամը ըլլալու:

Հետեւաբար, որպէս հայրապետական պատգամ, այսօր կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ հրամայական է, որպէս քրիստոնեայ հայեր, մեր կեանքը արժէքներով լեցնելու, որովհետեւ արժէքներով է որ մեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի ու իմաստ կը ստանայ: Առանց այդ արժէքներու առկայութեան ու մանաւանդ անոնց նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութեան, մեր կեանքը կը դառնայ անիմաստ ու դատարկ: Արդ, հարց կու տանք՝ որո՞նք են այդ արժէքները, որո՞նք պէտք է կազմեն մեր կեանքի առանցքն ու նպատակը.-

ա) Մեզի համար առաջնահերթ ու գերագոյն արժէք է մեր եկեղեցին: Սովորական վայր չէ եկեղեցին. ինչպէս ըսինք, ան Աստուծոյ տունն է, եւ Աստուած կը հրաւիրէ մեզ այս տան հարազատ բնակիչը ըլլալու. այս տան հովանաւորութեան տակ ապրելու, այս տունով պաշտպանուելու՝ կեանքի բոլոր չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Հետեւաբար, Աստուծոյ տունը պէտք է պահել պայծառ՝ իր երկնային առաքելութեամբ։

բ) Մեզի համար կենսական արժէք է եկեղեցւոյ կողքին գործող հայ դպրոցը: Ըսինք ու կը շեշտենք` եկեղեցւոյ կողքին: Եկեղեցի-դպրոց գոյակցութիւնը բնական երեւոյթ մըն է մեր կեանքին մէջ. անոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն: Հետեւաբար, հայ դպրոցը պէտք է պահել ամուր՝ իր հայակերտումի առաքելութեամբ:

գ) Մեզի համար գերագոյն արժէք է նաեւ մեր Հայրենիքը: Ճի՛շդ է, այս երկիրի քաղաքացին ենք: Կը վայելենք Գանատային մեզի ընծայած առաւելութիւնները, սակայն մեր արեան կանչով, մեր ազգային պատկանելիութեամբ, մեր մնայուն ու յաւիտենական Հայրենիքը Հայաստանն է: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու համար սրբազան արժէք է՝ մեր սուրբերուն ու նահատակներուն աղօթքով ու արիւնով թրծուած: Հետեւաբար, Հայաստանը պէտք է պահել ամուր՝ իր ներքին կեանքով ու արտաքին յարաբերութեամբ:

Ահաւասիկ երեք սրբազան արժէքներ, որոնք պէտք է մնայուն ներկայութիւն ըլլան մեր մտածումներուն ու գործերուն մէջ՝ դառնալով մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամուր հիմքերը»:

Սուրբ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, իսկ ժողովրդային հիւրասիրութիւն՝ սրահին մէջ: