ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ինչպէս կ՚ակնկալուի, ուրբաթ, Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իլհամ Ալիեւը. այս մասին X-ի էջին գրած է «Թուրան» գործակալութեան՝ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնական թղթակից Ալեքս Ռաուֆօղլուն:
«Բազմաթիւ աղբիւրներ հաստատած են, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պատրաստ են այս շաբաթուան վերջը Ուաշինկթընի մէջ յայտարարելու խաղաղութեան իրենց մտադրութեան մասին»,- նշած է ան: