image

Թէժ մարտերը Քուրսքի մարզին մէջ կը շարունակուին

Թէժ մարտերը Քուրսքի մարզին մէջ կը շարունակուին

Ռուսական զօրքերը թէժ մարտեր կը մղեն ուքրանական ստորաբաժանումներու դէմ՝ Ռուսիոյ տարածք Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ներխուժումէն ետք, գրած է DW-ն։

Հաղորդուած է, որ ուքրանական զօրքերը 20 քմ առաջացած են Ռուսիոյ տարածքին մէջ:

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «կը շարունակեն ետ մղել ուքրանական զինուած ուժերու ներխուժման փորձը»՝ աւելցնելով, որ մարտական գործողութիւնները կեդրոնացած են Ռուսիոյ տարածքին մէջ սահմանէն 10-20 քմ հեռու գտնուող բնակավայրերու շուրջ: Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածաշրջան տեղափոխած է ծանր ռազմական սարքաւորումներ, որոնց շարքին՝ հրասայլեր, որոնք արդէն հասած են մարտական ​​դիրքեր։

Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Ռուսիան Ուքրանիոյ զինուժի ներխուժումէն ետք Քուրսքի շրջանէն տարհանած է 76 հազար մարդ։

Տեղեկութիւն ստացուած է նաեւ այն մասին, որ կիրակի՝ 12 օգոստոսի գիշերը, ռուսական զօրքերը պալիսթիք հրթիռներ արձակած են Քիեւի ուղղութեամբ, որոնք չեն հասած Ուքրանիոյ մայրաքաղաք։

Բացի այդ՝ մօտ մէկ տասնեակ անօդաչու սարքեր փորձած են գրոհել մայրաքաղաքը, բոլորը խոցուած են, յայտնած է Քիեւի քաղաքային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Փոփքօն։

Վերջին տուեալներով՝ Պելառուսիան սկսած է զինուորականներու տեղափոխումը Ուքրանիոյ հետ սահման։