Իրանը չի հանդուրժեր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը խաթարելու փորձեր։ Այս մասին ընկերային ցանցերու էջերուն գրած է իրանցի փրոֆեսոր Մոհամմատ Մարանտին։
«Իրանը միշտ աջակցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան լիակատար ինքնիշխանութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ անոր հայ քաղաքացիներու իրաւունքներու լիարժէք յարգման։ Սակայն Իրանը չի հանդուրժեր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը խարխլելու փորձեր։ Իրանէն Երեւան ճանապարհները չեն փակուիր»,- գրած է ան։