image

Աւարտելէ ետք իր պաշտօնը, որպէս «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան նշանակուած է Հունգարիոյ դեսպան

Աւարտելէ ետք իր պաշտօնը, որպէս  «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն  Հայկակ Արշամեան  նշանակուած է Հունգարիոյ դեսպան

Հայկակ Արշամեանը կը հեռանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնէն։ Այս մասին ան յայտնած է իր դիմատետրեան էջին։

«Աւարտուեց հիմնադրամում գործադիր տնօրէնի իմ պաշտօնավարումը՝ դիւանագիտական ծառայութեան անցնելու կապակցութեամբ»,- գրած է Արշամեանը։

Արշամեանը 2018-էն կը զբաղցնէ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։

ՀՀ նախագահի՝ յունիս 5-ի հրամանագրով՝ ան նշանակուած է Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։