Սուրիոյ բանակը 3 տարուան պաշարումէ ետք յաջողեցաւ մուտք գործել Տէր Զօր: Բանակը նաեւ կարողացաւ ազատագրել «Թիւ 137 զօրանոց»ը, որուն մէջ պաշարուած կը մնային բանակի հարիւրաւոր զինուորներ: Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու, բանակի յառաջիկայ ամէնէն առաջնային ընելիքը պիտի ըլլայ ազատագրել Տէր Զօրի կեդրոնական մասի այն հատուածները, որոնք մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ «Տահէշ»ի տիրապետութեան տակ եւ կը կազմեն քաղաքի 60 առ հարիւրը:
Այլ գետնի վրայ եւ աչքի առջեւ ունենալով գետնի վրայ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, կարգ մը լրագրողներ կարծիք յայտնած են, որ բանակի յաջորդ հիմնական թիրախը պիտի դառնայ Իրաքի հետ սահմանային հատուածը եւ յատկապէս Պու Քամալ աւանը: Հաւականութիւն կայ նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը իր ուժերը կեդրոնացնէ եւ մեծ գրոհ մը կատարէ ազատագրելու համար մայրաքաղաք Դամասկոսի գիւղական շրջանները եւ յատկապէս «Արեւելեան Ղութա» շրջանը: