Երեւանի մէջ մեկնարկած Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 17-րդ գագաթնաժողովին տեղի ունեցաւ Ընտանեկան լուսանկարի արարողութիւնը: Լուսանկարուելէ ետք նախատեսուած է ելոյթներու մասը:
Ընտանեկան լուսանկարի արարողութեան յաջորդած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ «Ֆրանսայի Աշխարհահռչակ հայեր. Շարլ Ազնաւուր» անուանումով գեղաթերթիկի մարումը: