image

Ճէֆ Մարութեան նշանակուեցաւ նախագահ Պայտընի խորհրդական

Ճէֆ Մարութեան նշանակուեցաւ նախագահ Պայտընի խորհրդական

ԱՄՆ նախագահ Պայտըն եւս մէկ հայազգի բարձրաստիճան պաշտօնեայ նշանակած է իր վարչակազմին մէջ: Բնապահպանութեան եւ կլիմայական հարցերով խորհրդական նշանակուած է Ճէֆ Մարութեանը։

Մարութեան հեռացած է Փոխադրութեան վարչութեան շրջանային վարչութեան (DDOT) տնօրէնի պաշտօնէն՝ միանալու համար Պայտընի վարչակազմի կլիմայի խումբին:

Ան պիտի աշխատի ԱՄՆ նախագահի աշխատակազմի գործադիր գրասենեակի ներքոյ:

Մարութեան, ամենայն հաւանականութեամբ, կրնայ խորհուրդ տալ ԱՄՆ նախագահին, պիտի մասնակցի անոր հետ քննարկումներուն:

Մարութեան նախապէս ղեկավարած է LGBTQ Outreach– ի ժողովրդավարական ազգային կոմիտէն (DNC) ՝  օգնելով կուսակցութեան ընտրարշաւին։

Ամերիկահայ Հայկ Հաճինազարեանն ալ նշանակուած էր Սպիտակ տան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան գծով տնօրէն։