image

Տաւուշի մէջ. Ականի պայթումէն վիրաւորուած է Չինարիի 30-ամեայ բնակիչ մը

Տաւուշի մէջ. Ականի պայթումէն վիրաւորուած է Չինարիի 30-ամեայ բնակիչ մը

Տաւուշի մարզի մէջ ականի պայթումէն վիրաւորում ստացած է Չինարիի 30-ամեայ բնակիչ: Այս մասին ըսաւ Չինարիի համայնքապետ Սամուէլ Սաղոյեան:

«Անասունի ետեւից գնացել է հանդ, սխալմամբ ականապատ դաշտ է մտել: Տարածքում զգուշացում կայ, որ այն ականապատ է», ըսաւ ան:

Համայնքապետը յայտնեց, որ քաղաքացիի կեանքին վտանգ չի սպառնար, Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութիւնը այցելած է տեղանք եւ քաղաքացիին տրամադրուած է առաջին բուժօգնութիւն, ապա տեղափոխած են զինք հիւանդանոց:

 

Լուրը՝ Tert.am-էն: