image

Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը այցելեց Գերշ. Տ. Մակար արք.ին

Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը այցելեց Գերշ. Տ. Մակար արք.ին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, հիւրընկալած է Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը։

Վարչութեան անդամները Սրբազան Հօր զեկուցեցին միութեան տարած գործունէութեան մասին եւ վարչութեան պատրաստած Նոր Տարուան օրացոյցը նուիրեցին անոր։

Մակար Սրբազան գնահատեց վարչութեան անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն։