image

Տ. Զարեհ քհնյ. Զարգարեան մասնակցած է «Կարմիր Չորեքշաբթի»ի արարողութիւնը

  Տ. Զարեհ քհնյ. Զարգարեան մասնակցած է «Կարմիր Չորեքշաբթի»ի արարողութիւնը

Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ օրերս տեղի ունեցած է «Կարմիր չորեքշաբթի» անունը կրող կրօնական աղօթասացութեան արարողութիւն մը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  համացանցէն։

 

 Նշենք, որ  այս համաքրիստոնէական (էքիւմիւնիք) արարողութեան նպատակն է լոյս սփռել, եւ ահազանգ հանդիսանալ, որ աշխարհի չորս ծագերուն գոյութիւն ունին հալածեալ քրիստոնեաներ ու այդ առումով ալ   հարկ եղած օժանդակութիւնները կազմակերպ հասնելու համար ճնշուած քրիստոնեաներու կարիքներուն։

 

  Սոյն արարողութեան, որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գանատայի Թեմի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Տ. Զարեհ քհնյ. Զարգարեանը։

 

 Աւարտին տեղին կը համարենք նշել, որ այս հանդիպումը 7-րդ է իր տեսակին մէջ։