Սուրիոյ նախագահ՝ Ն. Վ. Պաշշար Ասատ այսօր նախագահական հրամանագիր մը ստորագրեց եւ Զօր. Ալի Մահմուտ Ապպասը նշանակեց երկրի Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին:
Նշենք, որ երկար ծառայութիւն եւ փորձ ունեցող զօր. Ալի Մահմուտ Ապպաս կը համարուի Սուրիոյ բանակի կարեւոր դէմքերէն մին եւ ան մասնակցած է տարբեր ռազմական կարեւոր գործողութիւններու եւ զանոնք պսակած յաջողութեամբ:
Նշենք նաեւ, որ մինչեւ այս նշանակումը Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր ՝ զօր. Ալի Ապտալլա Այուպ: