Սուրիոյ մէջ գործել պիտի սկսի բջիջային հեռախօսներու նոր ցանց մը, որ պիտի ըլլայ երրորդը երկրին մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Սուրիոյ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ նոր ընկերութիւնը գերազանցնապէս պիտի ըլլայ սուրիական նախաձեռնութիւն, թէ սուրիական դրամագլուխով եւ թէ ալ սուրիացի մարդուժով։
Ի դէպ նոյն խնդրին մասին հանգամանաւոր կերպով արտայայտուած է Սուրիոյ կապի նախարար ՝Այատ Ալ Խաթիպ , որ թեմային մասին խօսած է Սուրիոյ ազգային ժողովին առջեւ հերքելով բոլոր այն լուրերը, ըստ որոնց նոր բացուելիք ընկերութիւնը օտարերկրեայ ներդրում է։
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ կը գործեն բջիջային ցանցի երկու ընկերութիւններ, որոնցմէ մին ՝ Սիրաթէլը ունի ֆինանսական լուրջ խնդիրներ ու նաեւ հաւանաբար այդ պատճառով է, որ Սուրիոյ մէջ բջիջային կապը բնականոն կերպով չի գործեր։