Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժերու հետեւանքով զոհուած հայերէն մի քանին յուղարկաւորուած են։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։
«Սիրիայում զոհուած մայրը եւ որդին յուղարկաւորուել են։ Թուրքիայի Մալաթիայի քաղաքում զոհուած ամուսինները եւ նրանց երեխան յուղարկաւորուել են։ Յուղարկաւորուել է նաեւ հայ երգչուհի Զիլան Տիգրիսը: Թուրքիայիում վաղը եւս մէկ հայ կը յուղարկաւորուի»,- նշած է Ալեքսանեան։
Ան աւելցուցած է, որ զոհուած հայերու պաշտօնական թիւը կը շարունակէ մնալ ինը, երկուքը՝ Սուրիոյ մէջ, եօթն՝ Թուրքիոյ մէջ։
Նշենք, որ 6 փետրուարին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած եկրաշարժի զոհերու թիւը կը հասնի 30 հազարի, իսկ Սուրիոյ մէջ մօտ 6500-ի։