image

Սուրիոյ «Չափաւորական» ընդդիմադիրները կը կատարեն Անգարայի թելադրանքը

Սուրիոյ  «Չափաւորական»  ընդդիմադիրները կը կատարեն Անգարայի թելադրանքը

Անցնող  ժամերուն  Սուրիոյ «չափաւորական» ճանչցուած ըննդիմութեան մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ կը խօսին     արդիական   զէնքեր  ստանալու մասին: Այս  յայտարարութեանց   ամէնէն ուշագրաւը ընդդիմադիրներու    խօսնակներէն  համարուող Րիատ  Հըճէպի   ըրած յայտարարութիւնն է, ուր ան կը խօսէր         ընդդիմադիր զինեալներուն   արդիական զէնքեր տրամադրելուն մասին:  Գետնի վրայ կատարուող   որոշ  փոփոխութիւններ  նաեւ կը խօսին այն մասին, որ ընդդիմութիւնը  միաւորուելով կը պատրաստուի  իր տիրապետութեան տակ առնել   Մարէհ եւ Մընպէժ   շրջանները, որոնք կը համարուին  Սուրիա- Թուրքիա  սահմանին        վերջին  հիմնական   գաւառները:  Ընդդիմութիւնը, որ պարզած է Տահէշին  դէմ պայքարելու դրօշակը, ծրագիր ունի   հարուածել    թրքական սահմանին  եղած քրտական   ջոկատներու կեդրոնատեղիները,  այդպիսով «ժէսթ» մը  ընելով Անգարայի  տէրերուն:    Այս հին-նոր ծրագիրը ըստ երեւոյթին  պիտի փոխարինէ Էրտողանի կողմէ  կարեւոր համարուած      ապահովական գօտի մը ստեղծելու  ծրագիրը:    Պատկերին  դիմաց  հիմնական հարցադրումը կը մնայ՝ արդեօ՞ք  Թուրքիոյ  սահմանին վրայ  եղած քիւրտ  զինեալ խմբաւորումները   տեղի  պիտի տան   Անգարայի եւ Րիատի   հրամաններով    առաջնորդուող ընդդիմադիրներուն դիմաց:  Յառաջիկայ  օրերը պիտի  պատասխանեն այս հարցումին: