image

Ընդդիմադիրները յայտարարած են Դամասկոսը գրաւելու մասին

 Ընդդիմադիրները  յայտարարած են Դամասկոսը գրաւելու մասին

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը յայտնուած է ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ՝ սուրիական քանի մը խոշոր քաղաքներու գրաւումէն երկու շաբաթէն ալ քիչ ժամանակամիջոցին, յայտնած է BBC-ին։

Տեղի ժամանակով 6:00-ին զինեալները յայտնած են, որ մտած են Դամասկոս, գրաւած քաղաքի մերձակայքը գտնուող «Սէյտնաիա» բանտը եւ ազատած բանտարկեալները: Անոնք այդ անուանած էին «անարդարութեան շրջանի աւարտ»:

Սուրիոյ մէջ 2011 թուականին սկսած պատերազմի ընթացքին այդ բանտին մէջ կը պահուէին նախագահ Ասատի ռեժիմի հակառակորդները: Իրաւապաշտպանները յայտարարած էին, որ պատերազմի առաջին 5 տարիներուն այդտեղ գաղտնի պայմաններու մէջ մահապատիժի ենթարկուած է 5-13 հազար մարդ:

CNN-ը, վկայակոչելով ընդդիմադիր զինեալներու յայտարարութիւնը, յայտնած է, որ անոնք «կը պատրաստուին վերահսկողութիւն սահմանել ռատիոյի ու հեռուստատեսութեան շէնքերու նկատմամբ, որ հեռարձակեն Ասատի նկատմամբ յաղթանակի մասին յայտարարութիւնը»:

Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին միակ պաշտօնական մեկնաբանութիւնը տուած է Սուրիոյ վարչապետ Մուհամմատ Ղազի ալ-Ճալալին: Ան յայտարարած է, որ կը գտնուի իր տան մէջ ու պատրաստ է աջակցելու երկրի կառավարման «փոխանցման» այն բանէ ետք, երբ Սուրիոյ նախագահը հեռացած է երկրէն:

Ալ-Ճալալին յայտարարած է, որ պատրաստ է համագործակցելու որեւէ ղեկավարութեան հետ, որուն կ՚ընտրէ Սուրիոյ ժողովուրդը: 

Ի պատասխան՝ զինեալներու առաջնորդը յայտարարած է AFP գործակալութեան, որ Դամասկոսի պետական հաստատութիւնները պիտի մնան Սուրիոյ վարչապետի ղեկավարման ներքոյ մինչեւ իշխանութեան պաշտօնական փոխանցումը:

Դեռ յայտնի չէ Պաշշար Ասատի գտնուելու յստակ վայրը:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Ասատ լքած է մայրաքաղաք Դամասկոսը ու հեռացած «անյայտ ուղղութեամբ»:

New York Times-ը գրած է, որ միակ թռիչքը, որ տեղի ունեցած է Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն, եղած է Մոսկուայի ուղղութեամբ:

Դամասկոսի տասնեակ բնակիչներ նոյնպէս փորձած են լքել երկիրը, սակայն օդակայանին մէջ քաոս տիրած է, յայտնած է CNN-ը:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, յղում կատարելով Սուրիոյ ռատիոյին, յայտնած է, որ բոլոր աշխատակիցները լքած են օդակայանը, ատոր գործունեութիւնն ամբողջութեամբ կասեցուած է:

Մինչ այդ, Դամասկոսի որոշ բնակիչներ սկսած են հաւաքուիլ մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակին մէջ՝ տօնելու Պաշշար Ասատի ռեժիմի տապալումը: