Անդրադարձ մըն ալ կատարեմ Հայաստանի նախատօնական առօրեային: Եթէ փորձեմ մէկ բառով նկարագրել զայն, ապա այդ մէկ բառը պիտի ըլլայ՝ սովածութիւն…: Շուրջ տաս տարի է ինչ Հայաստան հաստատուած եմ, բայց տակաւին չե՛մ կրցամ եւ պիտի չկարենամ վարժուիլ կամ ընտելանալ Հայաստանի Նոր Տարիին…: Այս օրերուն պահ մը միայն եթէ որեւէ մէկ խանութի դէմով անցնիք, առաջին հերթին պիտի կարծէք որ արկած մը պատահած է, սակայն քիչ մը եթէ մօտեանք, պիտի նկատէք, որ ո՛չ թէ արկած է, այլ գնում կատարելու պայքար…: Իսկ եթէ յանկարծ սխալիք ու ներս մտնէք, որեւէ մէկ բան վերցնելու համար, օրինակ՝ մատնաքաշ հաց մը, կամ շիշ մը ջերմուկ, ապա թերեւս 45-60 վայրկեան սպասէք՝ մինչեւ ձեր կարգը գայ վճարում կատարելու…
Տարիներու հանրագումարին վրայ աւելցաւ 2024-ը: Արդէն երկար տարիներէ ի վեր նոր տարուան այս առիթը վերածուած է սովորական եւ շատ յաճախ աննշան ու անիմաստ առիթի մը, որովհետեւ մարդը ինչքան ինքզինք նիւթին յանձնած է, նիւթականացած է, այդքանով նմանատիպ առիթները վերածուած են անիմաստ եւ զուտ ձեւական առիթներու:
Բարեմաղթանքներ, արեւշատութեան քաղցր խօսքեր, նուէրներու փոխանակումներ, այցելութիւններ, ճամբորդութիւններ, եւ նման բազմաթիւ զբաղումներ այս օրերուն, կու գան լեցնել մարդուն առօրեան: Այս բոլորը ձեւով մը վերածուած է պարտականութեան, ուր չկայ զգացմունք, չկայ ապրում, չկայ անկեղծութիւն ու պարզութիւն: Այդ պատճառով ալ մարդոց միջեւ անկեղծ եւ ազնիւ յարաբերութիւնները օր օրի սկսած են նուազիլ, քանի որ մարդիկ ուշադրութիւն դարձնելով պարզապէս երեւոյթներուն, կ′անտեսեն իրականը, որով ակամայից եւ շատ յաճախ կամաւոր կերպով վիհ մը կը յառաջանայ մարդոց միջեւ, նոյնիսկ՝ շա՜տ մտերիմներու, նոյնիսկ՝ արիւնակիցներու միջեւ:
Անդրադարձ մըն ալ կատարեմ Հայաստանի նախատօնական առօրեային: Եթէ փորձեմ մէկ բառով նկարագրել զայն, ապա այդ մէկ բառը պիտի ըլլայ՝ սովածութիւն…: Շուրջ տաս տարի է ինչ Հայաստան հաստատուած եմ, բայց տակաւին չե՛մ կրցամ եւ պիտի չկարենամ վարժուիլ կամ ընտելանալ Հայաստանի Նոր Տարիին…: Այս օրերուն պահ մը միայն եթէ որեւէ մէկ խանութի դէմով անցնիք, առաջին հերթին պիտի կարծէք որ արկած մը պատահած է, սակայն քիչ մը եթէ մօտեանք, պիտի նկատէք, որ ո՛չ թէ արկած է, այլ գնում կատարելու պայքար…: Իսկ եթէ յանկարծ սխալիք ու ներս մտնէք, որեւէ մէկ բան վերցնելու համար, օրինակ՝ մատնաքաշ հաց մը, կամ շիշ մը ջերմուկ, ապա թերեւս 45-60 վայրկեան սպասէք՝ մինչեւ ձեր կարգը գայ վճարում կատարելու…
Ճիշդ է որ Խորհրդային իշխանութիւնը փուլ եկած է եւ այլեւս անցեալին կը պատկանի, դժբախտաբար, սակայն, Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը տակաւին նոյն այդ իշխանութեան հիւանդագին ու ախտալից բարքերով ու սովորութիւններով կ′ապրի ու կը շնչէ: Մէկ կողմէ մա՛հ Լենինին, միւս կողմէ՝ կեցցէ՜ Լենինը…
Սթափիլ է պէտք ժողովուրդ: Տակաւին մէկ-երկու ամիս առաջ էր, որ մեր պապենական հողերուն զգալի մէկ մասը թշնամիին ՅԱՆՁՆԵՑԻՆՔ, մեր հայերնակիցներուն մէկ մասը տնազրկուեցաւ, մեր երիտասարդներէն քանի՜ քանիներ թշնամիի բանտերուն մէջ անմարդկային պայմաններու մէջ են, իսկ մենք այստեղ մեր ստամոքսներուն գերին դարձած, խանութներու մէջ մահու եւ կենաց մարտեր կը մղենք…
Սթափիլ է պէտք ժողովուրդ, որպէսզի մնացած այս բուռ մը հողն ալ թշնամիին չյանձնենք, այս անգամ ո՛չ միայն հողը, այլ մենք մեզ եւս:
Սթափիլ է պէտք ժողովուրդ: Գնումներ կը կատարենք, մեր տուներուն սեղանները կը լեցնենք, մինչ մեր կողքի դրացին իր զաւակներուն կտոր մը չոր հաց իսկ չի՛ կրնար գտնել…: Ո՞ւր մնաց մարդկայնութիւնը: Ի՞նչ իմաստ ունի մեր սեղանները այդպէս լեցնելը, երբ անդին մեր դրացին, կամ նոյնիսկ անծանօթ մը կտոր մը չոր հացի կարօտ է: Ո՞ւր մնաց մարդկութիւնը:
Թերեւս քիչ մը խիստ ու կոպիտ եղաւ գրութիւնս, բայց իրականութիւնները, ճշմարտութիւնը քօղարկելով չե՛նք կրնար երկար կեանք ունենալ:
Ի վերջոյ, Նոր Տարուան առիթով սշրտագին մաղթանքս է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս սթափինք, մենք մեզ գտնենք, վերաքննենք մենք մեզ, հասկնանք ի՛նչ վիճակի մէջ ենք, գիտակցինք մեր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն եւ ըստ այնմ շարժինք: Ո՛չ միայն շարժինք, այլ գործենք յանուն մեր ընտանիքներու բարօրութեան, մեր ապրած ընկերութեան յառաջընթացին եւ մեր Հայրենիքին հզօրացման ու շէնացումին:
Վարանդ Քորթմոսեան
28 Դեկտեմբեր 2023
Վաղարշապատ