Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ այսօրուընէ՝ 18 յուլիսէն, կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ իրականացնող գրեթէ բոլոր հանրակառքերը պիտի չգործեն։
«Վառելիքի գերսղութեան պայմաններում Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարարութիւնը հաշուարկներ է պարբերաբար իրականացնում, եւ եթէ մինչեւ հիմա հնարաւոր էր պահպանել երթուղին որոշակի սահմափակումներով, յուլիսի 18-ից ստիպուած կը լինենք կրճատել մայրաքաղաքի երթուղին՝ բացառութեամբ Նոր Արեշ թաղամասին սպասարկող երթուղիները»,- Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ զրոյցին ըսած է նախարարի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Յարութիւնեանը։
Եթէ առաջիկային իրավիճակը չշտկուի, փոփոխութիւններ պիտի ըլլան նաեւ այլ քաղաքներու երթուղիներուն համար։