Սիւնիքի մարզին մէջ, Ապրիլ 10-ին, կրակոցեր հնչած են. ժամը 23։20-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Գորիսի բաժին «Գորիս» բժշկական կեդրոնէն ահազանգ ստացուած է, որ «կրծքավանդակի աջ կէսի առաջային մակերեսի վէրք, ձախ անօթափոսի վէրք հրազէնային բնոյթի» ախտորոշմամբ՝ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացիի դի։
Ոստիկանները պարզած են, որ մահացածը Գորիս քաղաքի բնակիչ 56-ամեայ Գուրգէն Խաչատրեանն էր։
Ոստիկանները ձեռնարկելով անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ, տաք հետքերով պարզած են, որ նույն օրը, ժամը 23։00-ի սահմաններուն Գորիս քաղաքի Գետափնեայ փողոցի 13 շէնքի հարեւանութեամբ Գորիսի բնակիչ 32-ամեայ Յարութիւն Սինանեանը անձնական հարցերու շուրջ ծագած վիճաբանութեան ժամանակ իր մօտ գտնուող հրազէնով կրակած է Գ․ Խաչատրեանի վրայ, վերջինիս մահուան պատճառ դառնալով։
Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած են 9 մմ տրամաչափի 3 հատ կրակուած պարկուճներ, դանակ եւ արնանման հետքեր։ Նշանակուած են դատաձգաբանական, դատակենսաբանական եւ դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւններ։
Սպանութեան կասկածանքով որոնուող Յ․ Սինանեանը Գորիսի մէջ յայտնի, ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող քաղաքական գործիչներէն մէկու ընկերն է։
Փաստի առթիւ Գորիսի քննչական բաժնին մէջ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 104 յօդուածի 1-ին մասի եւ 235 յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ։