Միքայէլ Զոհրապեանն Սպանիայէն 2 տարի առաջ եկած է Հայաստան՝ սպանուհի ընկերուհիին՝ Փալոմային հետ։ Միասին Սիւնիքի համայնքներուն մէջ ծրագիրներ կ'իրականացնէին՝ Միքայէլը արկածային զբօսաշրջութեան, զբօսաշրջային արահետներու շինարարութեան հետ կապուած, Փալոման անգլերէն կը դասաւանդէր։
Խմբային աշխատանքի բացակայութենէն քիչ մը յուսահատած՝ սկսած էին կասկածիլ իրենց ուժերուն։ Երբ հնարաւորութիւն եղաւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագրին միանալու, ոգեւորուեցան, մտածելով, որ թերեւս այսպէս կրնան աւելի օգտակար ըլլալ։
«Այս փուլին ինծի համար շատ կարեւոր է դասաւանդել Արցախի կամ Սիւնիքի մէջ, որովհետեւ այնտեղ մեր կարիքը աւելի շատ կայ: Հնարաւոր է՝ պատերազմը երեխաներու հոգեբանութեան մէջ ծանր հետեւանքներ թողած է, եւ կը կարծեմ՝ կարեւոր է ըլլայ կողմնակի մէկը, որ ոչ միայն թոյլ չի տար, որ պատերազմի միտքերը, խնդիրները իրենց տանին, այլեւ կ'ըսէ՝ լա՛ւ, մենք ունինք պատերազմ, պիտի պաշտպանուինք, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհը կը շարունակէ ընթանալ իր հունով։ Իմ փորձը ցոյց տուաւ, որ իսկապէս պէտք են դուրսէն եկած մարդիկ, որ երեխաներուն աւելի համաշխարհային փորձ փոխանցեն»,-ըսած է Միքայէլը։
Անոր մանկավարժական փորձը հարուստ չէ. Սպանիոյ մէջ ճամբարի մէջ աշխատած է, Սիւնիքի մէջ իր ստեղծած «Ամենագիտութիւն» խմբակի շրջածիրէն ներս, երեխաներու հետ անոնց հետաքրքրող թեմաներու՝ փիլիսոփայութեան, աշխարհագրութեան, պատմական յուշարձաններու մասին խօսած է։ Սեպտեմբերէն դպրոցի մէջ անգլերէն կը դասաւանդէ։
«Ակադեմիայի ընթացքը ինծի շատ հետաքրքիր է։ Կան թեմաներ, որոնց փորձը ես արդէն ունիմ, բայց տեսական հատուածը նոր կը սորվիմ։ Հետաքրքիր է այդ կապը գտնելը։ Յաճախ խնդիրներու առջեւ կը կանգնիս, շաբաթներով կը մտածես՝ ինչպէս լուծել, յետոյ կը հասկնաս, որ 10 տարի առաջ մարդիկ այդ մասին մտածած ու լուծումները գտած են»։
Միքայէլը ոգեւորուած է, որ Սեպտեմբերէն հեռաւոր գիւղի մը մէջ դասաւանդելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ։ Նախորդ երկու տարիներու փորձէն հասկցած է՝ մարզերուն մէջ մարդիկ լքուած կը զգան, երեխաները յոյս ու երազանքներ չունին։ Կ'ըսէ՝ ուրիշներու սխալները քննարկելու փոխարէն, ամէն մէկս մեզի հարց տանք՝ ի՞նչ կրնամ ընել ես։
«Սփիւռքի մէջ սխալ մօտեցում կամ. Գումար կ'ուղարկենք, այդպիսով մեզի լաւ կը զգանք ու յետյ մեղքը կը նետենք այստեղի մարդոց վրայ: Բայց ոչ այնքան գումարի, որքան՝ մարդուժի կարիք կայ։ Դուն կրնաս գումար ուղարկել, բայց եթէ մասնագէտներ չունինք, ոչինչ կրնանք ընել: Բոլոր այն մարդիկ, որ կը շարունակեն հաւատալ Հայաստանին, թող գան ու տեսնեն, թէ ինչ կրնան ընել իրենց ձեռքով։ Մենք մէկ հնարաւորութիւն ալ ունինք, եւ եթէ չենք ուզեր սպասել յաջորդ պատերազմին, որ կրնայ շատ աւելի աղիտալի ըլլալ, պիտի պատրաստուինք՝ բոլորս միասին աշխատելով»։
Սպանուհի Փալոման, որ ժամանակաւոր եկած էր, բայց արդէն երկու տարի է Հայաստան է, որոշած է միանալ ծրագրին, որովհետեւ հասկցած է, որ իր կարիքը այստեղ շատ կայ։ Անգլերէն դասաւանդելուն զուգահեռ՝ հայերէն կը սորվի, առայժմ՝ Սիւնիքի բարբառով։
Լուսինէ Ղարիպեան
Լուսանկարը՝ Վաղինակ Ղազարեան (յատուկ Մետիամաքսի համար)