Պարզ սէր մըն է, ձրի եւ հին,
Անունըն իմ այս կտակին,
Որու ուժգին էութենէն,
Սատանան լուռ կը յաղթըւի,
Իսկ աշխարհը, թէ թոյլատրեն՝
Խաղաղութեամբ կը պսակուի։
Ո՜վ քաջարի հայկեան սերունդ,
Ի՜նչ կտակներ ես դուն ապրած,
Ամէն մէկը մէյ մէկ մկունդ,
Ոսկեբարբառ զօրքով հիւսուած։
Քու լոյս մտքին՝ ես հայօրէն,
Կը կտակեմ Սէր մը հսկայ,
Սուրբ էութեան հետ րամօրէն,
Կը քանդակեմ պատգամն ահա.-
Սէրը էակն է գերագոյն,
Գոյութիւնը անմահ կեանքի,
Դառըն տանջանքը սրբագոյն,
Խաչելութեա՛մբը միածնի։
Քու մերկ հոգւոյն՝ առնչութիւն
Կը շնորհէ պաշտամունքի,
Որ թափանցես փայլք մը զեղուն,
Եռուն սրտէն՝ անուրջ կեանքիդ։
Պարզ սէր մըն է, ձրի եւ հին,
Անունըն իմ այս կտակին,
Որու ուժգին էութենէն,
Սատանան լուռ կը յաղթըւի,
Իսկ աշխարհը, թէ թոյլատրեն՝
Խաղաղութեամբ կը պսակուի։
Թող կտակով այս պանծալի,
Քու սրտին մէջ նոր սիրտ ծնի,
Ու արեանդ մէջ՝ անյաղթ ազգիդ
Կեանքի յուշերն յաւերժ ապրին,
Քու սերունդէն՝ նոր սերունդին,
Որ հաղորդեն, նոյնիսկ մութին,
Թէ հայ դարեր, ծիլ կը ծաղկին։
Լաւ իմացիր, ծիլ մ'ալ դուն ես,
Իսկ քու պտուղը՝ տենչալի,
Քու արեան մէջ ինչ որ ցանես՝
Իր արեան մէ՛ջ ալ կը բուսնի։
ԿԱՅԼԱԿ
(Նոյ.19, 2012)
«Սէր ու Կրակ» հատորէն