Տաս տարի առաջ այս օրը #Ես որբացայ։
Լալ մը եղաւ անշուշտ, բայց թոյլերու լացը չէր։ Դէպի հանգիստ տեղ կը ճամբէի #Մամաս, մանաւանդ ես, կինս եւ երկու որդիներս, որ վերջին տաս տարիներուն եղանք իր ամէնօրեայ մտածումներուն, հոգերուն, հոգատարութիւններուն կիզակէտը։
Ալ մամաս չկայ, մէկը, որուն կը պարտիմ ոչ միայն միսս ու ոսկորներս, այլ ամբողջ հոգիս, սիրտս, խրոխտ հայեացքներս ու նաեւ արեւային սպասումներս։
Ամէն անգամ, որ իր մասին պիտի գրեմ, լեզուս կը բռնուի, ձեռքս ետ կը քաշուի ու թեման կը վերածուի հեռացող մշուշի մը, որուն մէջ կան ծննդեանս ուրախութիւնը, վաղ պատանեկութեանս երազները, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան ամենախենթ օրերուս սպասումները։
Մամաս, ոչ մէկ անգամ ազգի ու ազգայինի մասին քարոզներ կարդաց, միայն գիտցուց, որ շատ կը սիրէ Հայաստանը եւ ապրեցուց այդ մեծ սէրը մեծ Հայաստանին հանդէպ։
Հայաստանէն մաս մը եղաւ յետոյ ու ու քնացաւ անոր հողին մէջ։
Տաս տարի առաջ այս օրը որբացայ, բայց այդ որբութեան մէջ ոչ մէկ անգամ թուլութիւն մը կար, որովհետեւ Մամաս, ինչպէս երէկ, այսօր ալ եւ մինչեւ յաւերժութիւն իմ հետս է ու իմ կողքիս ու քանի աշխարհիս մէջ իր նման մայրեր կան, այդ անշուշտ կը խօսի Աստծոյ էութեան մասին, բարութեան եւ սիրոյ մասին։
Սիրեցէք Ձեր մայրերը, աշխարհը #Մայր է, իսկ Ֆայրուզ կ՚ըսէ՝ «Մայրս իմ հրեշտակս է ....» Հրեշտակ, որ մեզի հետ է միշտ, մեր թեւերուն վրայ, մեզ շրջապատող եթերին ու շունչին մէջ։
Սիրեցէք, առանց լալու, առանց որբութիւնէն դժգոհելու։