Երեկ Բեյրութում մահացել է սփյուռքահայ արդի բանաստեղծության նշանավոր կին գրողներից մեկը՝ Շուշիկ Տասնապետյանը: Նա սփյուռքահայ ականավոր կրթական գործիչ, մտավորական, հրապարակախոս, ազգային-քաղաքական գործիչ Հրաչ Տասնապետյանի երեք դուստրերից մեկն է: Իր ինքնակենսագրության մեջ (ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (1928-1996)) Հրաչ Տասնապետյանն իր ընտանիքի մասին գրել է հետեւյալը.
ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔՍ
Ուսանողութեանս շրջանին (Լիոն) ճանչցած էի օրդ. Զապէլ Օվիկեանը, ֆրանսահայ, ծնեալ Cruas (Ardeche նահանգ, ուր հայ բազմաթիւ ուրիշ ընտանիքներու հետ, հաստատուած էին իր գաղթական ծնողները, կարծեմ 1926ին կամ անկէ ետք): Ամուսնացանք 1954 Ապրիլ 23ին, Արեւելք վերադարձէս ետք: Զապէլին ծնողները մշեցի էին (ծանօթ ֆետայիներ Ալիճանայ Տիգրանի եւ Չոփուր Միսաքի գերդաստանէն). այդ տարիներուն կ՚ապրէր միայն մայրը՝ Ֆնտօ (կամ Լուսիա) Օվիկեանը (ծնեալ Ասատուրեան), Եղեռնէն հրաշքով ազատուած՝ շնորհիւ ընտանիքի քիւրտ բարեկամի մը ազնուութեան: Ամուսինը, Ալիճանցի Աւետիսը, Հալէպ գտնուած էր 1925-1926 թուականներուն: Զիրենք ամուսնացուցած էր Ցրօնքցի Մուրատը, որ այդ տարիներուն Սուրիոյ մէջ կը զբաղէր որբահաւաքի գործով: Աւետիսը մահացած էր Տէսին (Ֆրանսա) 1947ին: Ֆնտօն մեզի հետ ապրեցաւ մինչեւ մահ (28 Յունիս 1988):
Ունեցանք երեք զաւակներ, երեքն ալ աղջիկ… Շուշիկը՝ 15 Փետրուար 1955ին, Թամարը՝ 2 Յունիս 1956ին եւ վեց տարի ետք Սանանը՝ 14 Դեկտ. 1961ին: Առաջինը եւ երկրորդը իրենց համալսարանական ուսման մեծագոյն մասը ստացած են Փարիզ, Սորպոնի մէջ հետեւելով գրականութեան (Շուշիկ), ուսողութեան, գրաբարի եւ կրօնագիտութեան (Թամար): Շուշիկը երկու տարի առաջ Երեւանէն ստացաւ գրականութեան իր PHD-ն: Ունի բանաստեղծութեան երեք հատորներ, գրական-վերլուծական հրատարակութիւններ («Զապէլ Եսայեան» ֆրանս., «Վերլուծական Էջեր», «Յակոբ Օշականի Վէպը», եւ այլլն): Ծաւալուն գործ մըն է եւ նարեկացիագիտութեան մարզին մէջ նորութիւն՝ Թամարին doctorat-ի աւարտաճառը (Սորպոն, Նոյ. 1989), Նարեկացիի քիչ ծանօթ մէկ գործին մասին («Ներբող Աստուածածնին», ֆրանսերէն). անկէ զատ՝ Թամարը ունի հայ եւ օտար եկեղեցագիտութեան եւ աստուածաբանութեան նուիրուած, ինչպէս նաեւ զուտ բանասիրական աւելի քան տասնեակ մը հատորներ, հայերէն կամ ֆրանսերէն: Սանանը, 1980ին աւարտելով Ճեմարանը, նոյն ամառը Նիւ Ճըրզիի մէջ ամուսնացած էր ջուղայեցի Մարտօ Սողոմեանին հետ, որուն ծանօթացած էր Պէյրութ՝ 1976-1978 տարիներուն: Մարտօն Columbia համալսարանի ուսանող էր՝ քաղաքական գիտութիւններու: Ինք՝ Սանանը, Հայկազեան գոլէճէն ստացաւ իր պատմութեան BAը (1984ին, երբ երկուքով վերադարձած էին արդէն Լիբանան), միջանկեալ յաճախելով նաեւ Նիւ Եորքի Queen’s College-ը: 1984ի վերջերը երկուքն ալ վերստին Նիւ Եորք դարձան, ուր Մարտօն սկսաւ աշխատիլ Radio Free Europe (կամ Radio Liberty), իսկ Սանանը, ինը տարեշրջան ձեռնհասօրէն վարեց Queen’sի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ազգ. ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Եղաւ ծնողներէն ու շրջապատէն սիրուած ու յարգուած տնօրէնուհի մը: Սանանը ինծի տուած է երկու թոռնիկներ, Սարինը (այժմ տասներկու տարեկան, Պէյրութ ծնած) եւ Վահիկ-Հրաչը (եօթը տարեկան, նիւ եորքցի): Անցեալ տարի, նշանակուած ըլլալով Radio Liberty-ի հայկական բաժնի տնօրէն, Մարտօն փոխադրուեցաւ հիմնարկութեան այժմու կեդրոնը՝ Փրակա (Չեխիա), իսկ Սանանը զաւակներուն հայեցի ուսման եւ դաստիարակութեան տալով առաջնահերթութիւնը, հատատուեցաւ Պէյրութ՝ ի մեծ գոհունակութիւն Սարինի եւ Վահիկի մեծ հայրիկին… Կինս՝ Զապէլը, անակնկալ կերպով մահացաւ 10 Փետրուար 1993ին, շատ արագ տարածուող քաղցկեղէ մը:
ՇՈՒՇԻԿ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
ԼՈՒՍՆԱՅԻՆ
Երէկ լուսինդ խաւարեցաւ Նիւ-Եորք,
արգիլուած քաղաք է ինծի
համարեա՛ ծայրաբեւեռ
սփիւռք
ամերիկեան անապատ անծայր
ուր հասար երկար տառապանքի սիրո՛ւն կեանք
— օրերդ լուսնէ թափանցիկ —
տունտեղ չեղանք,
աքսորեալ եւ գաղթական,
արեւը մթնեց ամերիկեան գօտիին
խօսուն արեւելքը կ՚ուզես հոս
ԻՂՁ
Շաբաթ երեկոյ, Ատլանտեան
ովկիանոսին բոսորագոյնը արծաթ
սեւ ծիածան թռուցիկ ճայ երեխայ
հոյակապ հին անտառին շատ մօտ՝
երազիդ աւազուտ պատճէնը
կեանքերու տխրադալուկ խանդավառած
մորմոք
ամերիկեան տան մը ներքին փակ երազը կը զգամ
հիմա
հոս ովկիանոսին հետ
սփիւռքահայը որ հայրենիք պիտի երթայ
(աքսորի եւ տունդարձի օ՛ ապրելու ժամանակ)
հաւատացող մարդ մը հարազատ մը
կ՚ըղձայ
ՍՓԻԻՌՔ
«Դէպի նոր ու աւելի բարձր ստեղծագործութիւնը»
– Լ. Շանթ , «Հայ բանահիւսութիւնը»
Պէյրութին համար որ մեռաւ կ՚ըսեն
օ՜ քաղցր ու սպանդ
նորել կեանքը նորել գիրը մեր,
հոս, Երեւանի սա սրտին, մէջ
խօսիլ՝ այն ինչ լռած կանք
վաղուան լոյծ սեմը,
թուղթերու է՛ն սպիտակութեանը վրայ
գրել մշակոյթը. օծութիւնը ընել.
երկիր եւ սփիւռք (խորին հեշտութիւն)
տարբերութիւնը լինեւ ու գրել
«ինքնամատոյց ու բացարձակ…» վէպին Նազիկը
իբրեւ հայելի մը ծանր անկաշկանդ
անյագուրդ երա՛զ սա կեանքի պորտին
այսօր
հոս շիրիմը եւ անկէ ետքը
«դէպի նոր ու աւեփ բարձր» ստեղծումի մը հաշուոյն
եթէ շփուիլ օրուան փէշերուս,
դարու քղանցքիդ,
եթէ հիմա կ՚ապրիս. ո՛վ այրող ամէն.