Թուրքիոյ մէջ Շուէտի դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` շուէտական պետական պատկերասփիւռի կայանէն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի մասին «վիրաւորական» հաղորդում հեռարձակման պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան:
Դեսպան՝ Սթաֆան Հերսթրոմին յայտնուած է, որ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հասցէին «լկտի եւ տգեղ արտայայտութիւններն ու պատկերները» անընդունելի են:
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ շուէտական պատուիրակութեան Անգարա նախատեսուած այցելութեան նախաշեմին: Երկու երկիրներուն ներկայացուցիչները, ինչպէս կը հաղորդուի, պէտք է քննարկեն Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչ նկատուող խումբ մը անձերու Շուէտի կողմէ արտայանձնման վերաբերող հարցեր:
Ճիշդ այդ պահանջը գործադրելու պայմանով է, որ Անգարան համաձայնած է չխոչընդոտել Շուէտի` ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը:
Լուրը «Ազդակ»էն