Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրներու ջանքերը ուղղուած են այն բանին, որ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցնէր կիրառելու անհրաժեշտութիւն չըլլայ: Անոր խօսքով` Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի սրման պարագային խիստ սահմանափակումներ պիտի մտցուին Ռուսաստանի դէմ: Ան չէ բացառած, որ պատժամիջոցներ սահմանուին նաեւ «Հիւսիսային հոսք 2»-ի դէմ: Ըստ անոր՝ ոչինչ բացառուած է:
«Մենք մեր ԵՄ եւ ԱՄՆ դաշնակիցներուն հետ նախապատրաստութիւններ կատարած ենք: Կը քննարկենք հնարաւոր պատժամիջոցները. անոնք շատ լայնածաւալ ու շատ կոշտ են, եթէ անոնց անհրաժեշտութիւնը ըլլայ, թէեւ այժմ մեր բոլոր ջանքերը ուղղուած են` ապահովելու, որ անոնց անհրաժեշտութիւնը չըլլայ», ըսած է Շոլց:
Գերմանիոյ վարչապետը բացառած է Ուքրանիոյ մահաբեր զէնքի մատակարարումը: Ան նշած է, որ Գերմանիան զէնք չ'ուղարկեր ճգնաժամային շրջաններ: Նշած է, որ այդ ուղղութեան «հետեւած է իր նախորդը եւ այն եղած է եւ կը մնայ ճիշդ»: