image

Շողիկ Ակոբեանի յիշատակին

Շողիկ Ակոբեանի յիշատակին

Բառերը խեղճ են, երբ կը գրեմ քու մասին, սակայն կը զգամ, բոլորս կը զգանք ներկայութիւնդ, երբ կը դիտենք քու հայելիդ հանդիսացող զաւակներուդ` Կարոյին ու Լորիին յաջողութիւնները, որոնց հայեացքին, նկարագիրին, բարիութեան եւ ազգային դիմագիծին մէջ միշտ կ՛ապրիս դուն:

 

 

Սիրելի՛ Շողիկ,

Արդէն մէկ տարի է, որ առյաւէտ բաժնուած ես մեզմէ:

Մխիթարական խօսքեր չունիմ` ուղղուած հարազատներուդ եւ ընկերներուդ, որոնց հետ տարի մըն է, որ կ՛ապրինք ու ծանրօրէն կը զգանք քու բացակայութիւնդ:

Չունիմ բառեր, որոնցմով կարենամ նուազեցնել ամուսինիդ` Լեւոնի եւ զաւակներուդ ցաւը:

Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս քու փայլուն, հեզ ու հանդարտ ներկայութիւնդ կը վարակէր քեզ շրջապատողները ու կը սփռէր բարձր տրամադրութիւն ու լաւատեսութիւն` ապագայի նկատմամբ:

Բառերը խեղճ են, երբ կը գրեմ քու մասին, սակայն կը զգամ, բոլորս կը զգանք ներկայութիւնդ, երբ կը դիտենք քու հայելիդ հանդիսացող զաւակներուդ` Կարոյին ու Լորիին յաջողութիւնները, որոնց հայեացքին, նկարագիրին, բարիութեան եւ ազգային դիմագիծին մէջ միշտ կ՛ապրիս դուն:

Եւ հոն է, որ մեր յուշերուն կից կը յիշենք քեզ կրկին:

Լոյսերու մէջ մնաս հարս քոյրիկ:

 

Սիմոն Այնէճեան

 

Աղբիւրը՝ «Ազդակ»