ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով 9 յունուարին պիտի մեկնի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու համար Իրանի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշէմի Ռաֆսանճանիի թաղման արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: