image

Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու դրական ազդակնե՞ր

Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու դրական ազդակնե՞ր

Փետրուար 19-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Միւնիխի մէջ հանդիպում  ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սաուտի հետ: Նշենք, որ Հայաստանի եւ Սաուտական Արաբիոյ միջեւ չկան հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ:

ՀՀ ԱԳՆ-էն տեղեկացուցած են, որ Հայաստանի եւ Սաուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններոու հաստատման նպատակով վերջին տարիներուն աշխուժացած են բարձր մակարդակի քննարկումներն ու շփումները: Այս ծիրին մէջ հարկ է ընդգծել անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահի` Ռիատ այցի ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ կայացած հանդիպումը եւ, բոլորովին վերջերս, Միւնիխի անվտանգութեան յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը:

Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ սպասուելիք զարգացումներուն, ԱԳՆ-էն նշեցին. «Հայաստանը երբեւէ վերապահում չի ունեցել Սէուտական Արաբիայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում: Գոհունակութեամբ պէտք է նշել, որ այդ առումով դրական ազդակներ կան նաեւ սէուտական կողմից»: