image

«Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին hաստատած Միջ-կրօնական կեդրոնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին hաստատած Միջ-կրօնական կեդրոնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. Թագաւորին կողմէ հաստատուած միջ-կրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ծրագիրի արաբական աշխարհին ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին արաբական տարբեր երկիրներէ եւ կը ներկայացնէին զանազան կրօնական համայնքներ ու ընկերութիւններ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կեդրոնի ընդհանուր քարտուղար՝ Ֆէյսալ Պին Մուամմարը։

 

«Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. Թագաւորին կողմէ հաստատուած միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան միջազգային կեդրոնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք յատկապէս ներկայ ժամանակներուն. երբ ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնին դերը սկսած է շեշտուիլ՝ երբեմն դրական ու երբեմն բացասական մօտեցումներով ու հետեւանքներով: Աշխարհի կրօնները հիմնուած են խաղաղութեան ու սիրոյ, արդարութեան ու ճշմարտութեան հասարակաց արժէքներու վրայ: Հարկ է ամրապնդել այս արժէքներուն ներկայութիւնը կրօնի հետեւորդներու կեանքին մէջ» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

 

Խօսելով յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան մասին. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ «դարեր շարունակ միաստուածեան այս երկու կրօնները գոյակցած են փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Եօթերորդ դարէն սկսեալ հայ ժողովուրդը Հայաստանի ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մնայուն ու սերտ յարաբերութիւն մշակած է իսլամութեան հետ: Մեր տարբերութիւնները ճանչցած ու յարգած են, միաժամանակ կառչած ենք մեր հասարակաց արժէքներուն, որոնք հիմքը կը կազմեն միաստուածեան կրօններուն: Ներկայ ժամանակներուն. երբ դժբախտաբար կրօնը սկսած է շահագործուիլ ոչ-կրօնական նպատակներու. անհրաժեշտ է որ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի»:

 

Ակնարկելով վերջերս Նոր Զելանտայի մէջ կատարուած ոճրային արարքին, Վեհափառ Հայրապետը խստօրէն դատապարտեց զայն ըսելով «երկու մզկիթներուն դէմ անհաւասարակշիռ անձի մը կողմէ կատարուած ոճրային արարքը խստօրէն դատապարտելի է: Քրիստոնեայ ու իսլամ պատասխանատուները հարկ է յատկապէս դաստիարակութեան ճամբով հեռու պահելու իրենց հետեւորդները նման բռնարարքներէ եւ կրօնի շահագործումէն: Այս գծով Վիեննայի միջ-կրօնական կեդրոնի առաքելութիւնը, որուն մօտէն ծանօթ ենք, կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Բարձր գնահատանքով կ'ողջունենք կեդրոնի կատարած աշխատանքները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել կեդրոնի ծրագիրներուն»: