Իսրայէլեան բանակը օդային հարուածներ հասցուցած է Դամասկոսի մէջ գտնուող հետազօտական կեդրոնին, ուր իրանցի գիտնականները, ենթադրաբար, հրթիռներ կը նախագծէին։
Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով տարածաշրջանային անվտանգութեան ծառայութիւններու աղբիւրները։
Անոնք յայտնած են, որ Իսրայէլը երեք օդային հարուած հասցուցած է Դամասկոսի Քաֆար Սուսա թաղամասին մէջ գտնուող անվտանգութեան հիմնական համալիրին: